Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սասուն Խաչատրեան Նշանակուեցաւ Նորաստեղծ Հակաքորուփցիոն Կեդրոնի Նախագահ

Սասուն Խաչատրեան Նշանակուեցաւ Նորաստեղծ Հակաքորուփցիոն Կեդրոնի Նախագահ

by MassisPost

Կառավարութեան 16 Սեպտեմբերի որոշումով` Յատուկ քննչական ծառայութիւնը նախորդ երեք տարիներուն ղեկավարած, Ռոպերթ Քոչարեանի ու Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրօք մոտ 17 տարի Երեւանի դատախազութիւն աշխատած, իսկ արիւնալի՝ 2008-ի Երեւանի դատախազի տեղակալի պաշտօնը ստանձնած Սասուն Խաչատրեանը այսօր նշանակուեցաւ նորաստեղծ Հակաքորուփցիոն կեդրոնի նախագահ։

Նոր նշանակումէն րոպէներ առաջ գործադիրը Խաչատրեանը ազատած էր Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետի պաշտօնէն։

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար՝ Արայիկ Յարութիւնեան, որ  կառավարութեան ներկայացուցած էր  Սասուն Խաչատրեանի հերթական պաշտօնին նշանակման հարցը յիշեցուց, որ Հակաքորուփցիոն կոմիտէի նախագահի նշանակման համար այս Սեպտեմբեր 10-ին տեղի ունեցած մրցոյթի արդիւնքով երեք թեկնածուներէն Խաչատրեանը ստացած էր առաւելագոյն միաւորները։

Թէ Հայաստանի մէջ քորուփցիայի դէմ պայքարի թիւ մէկ պատասխանատուն ինչ տեսլական ունի, այսօր լրագրողները չկարողացան պարզել, որովհետեւ Սասուն Խաչատրեան գործադիրի նիստէն ետք պարզապէս խուսափեցաւ հանդիպելէ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ եւ փոխարէնը կարճ ելոյթ ունեցաւ կառավարութեան նիստին՝ վստահութիւն յայտնելով, որ քորուփցիոն յանցագործութիւններու քննութեան ու բացայայտման արդիւնաւէտութիւնը պիտի բարձրանայ։

«Կառոյցը, ըստ էութեան, լինելու է մասնագիտացուած քննչական մարմին, որն ունենալու է նաեւ օփերաթիւ հետախուզական գործառոյթներ: Կառոյցը սկսելու է գործել առաւելագոյնը մէկ ամիս եւ վեց օր անց, անցումային դրոյթներով են նախատեսուած այդ ժամկէտները: Ամբողջութեամբ դեռեւս այդ ընթացքում չի գործի, ընդամէնը 20 քննիչ կը նշանակուի, իսկ ամբողջ ծաւալով, այդ թւում նաեւ օփերաթիւ ստորաբաժանումով կը սկսի գործել, կարծում եմ, եկող տարուայ սկզբից, եւ եկող տարուայ ընթացքում նաեւ նախատեսւում է կառոյցի համար ստեղծել տարածքային մարմիններ, եւ այդ տարածքային մարմիններն ստեղծելուց յետոյ նոր կարող ենք ասել, որ կը ձեւաւորուի ամբողջութեամբ, կը սկսի գործել ողջ թափով», – ըսաւ Սասուն Խաչատրեան:

Նորաստեղծ Հակաքորուփցիոն կեդրոնի իրաւասութեան պիտի անցնի Հայաստանի մէջ քորուփցիոն գործերու քննութիւնը, զոր նախապէս կ’իրականացնէին քանի մը իրաւապահ մարմիններ՝ ԱԱԾ-ն, ՅՔԾ-ն, Քննչական կոմիտէն եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէն։ Հակաքորուփցիոն կոմիտէի ձեւաւորումէն յետոյ պիտի չգործէ 2007-ին ստեղծուած Յատուկ քննչական ծառայութիւնը։

ՅՔԾ պետ նշանակուելէն ճիշդ երեք ամիս ետք, 2018-ի Սեպտեմբեր 11-ին Սասուն Խաչատրեան եւ ԱԱԾ-ի այն ժամանակուաայ տնօրէն Արթուր Վանէցեան հրատապ ասուլիս հրաւիրեցին՝ արձագանքելու Մարտ 1-ի գործով իրենց հեռախօսազրոյցի գաղտնալսման հրապարակման։ Յատուկ քննչական ծառայութեան նորանշանակ պետը այդ օրը հրապարակաւ խոստացաւ վերադարձնել ժողովրդէն թալանուած միլիառները եւ օրէնքի դաշտ կանչել մարդասպաններն ու անոնց հովանաւորները։

Անցած է աւելի քան երեք տարի, բայց ժողովուրդէն թալանուած միլիառներու վերադարձը շարունակած է մնալ իշխանութիւններու նախընտրած յայտարարութիւններու թեման, իսկ Մարտ 1-ի գործով դատավարութիւնը, ըստ էութեան, աւարտեցաւ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւս մեղադրեալներու արդարացումով։

«Մենք փորձում ենք արմատախիլ ընել քորուփցիան այս երկրում, մենք փորձում ենք վերադարձնել ժողովրդից թալանուած միլիառները, մենք փորձում ենք պարզել եւ օրէնքի դաշտ կանչել մարդասպաններին եւ այդ մարդասպանների հովանաւորներին», – այդ ժամանակ ըսած է Խաչատրեան:

Իրաւապաշտպան՝ Նինա Կարապետեանցի խօսքով` թէ՛ դատախազութիւն եւ թէ՛ ՅՔԾ աշխատած տարիներուն Սասուն Խաչատրեան զէրօ արդիւնաւէտութիւն ցուցաբերած է, մասնաւորապէս, քորուփցիայի դէմ պայքարին։

«Քրէական գործեր են յարուցուել պահակների, վարորդների, դպրոցների տնօրէնների վերաբերեալ, դրանից այն կողմ որեւէ մէկին պատասխանատուութեան չեն ենթարկել այն դէպքերում, երբ որ քաղաքը, ուղղակի բոլորը գիտէին, թէ ով ինչ ունեցուածք ունի: Արդիւնքում մենք չունենք որեւէ գործ, որը հասցրել է իր նպատակին, այսինքն` պատասխանատուութեան է ենթարկուել մեղաւորը: Սա ինձ մօտաւորապէս յիշեցնում է, երբ Յովիկ Աբրահամեանին նշանակեցին Քորուփցիայի դէմ պայքարի յանձնաժողովի ղեկավար»:

«Հակաքորուփցիոն կոմիտէի մասին» օրէնքի համաձայն` կոմիտէի նախագահի լիազօրութիւններուն ժամկէտը վեց տարի է, եւ նոյն անձը չի կրնար աւելի քան երկու անգամ անընդմէջ նշանակուիլ այս պաշտօնին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment