Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Ստանձնեց ՀԱՊԿ Նախագահութիւնը․ Խորհուրդի Յաջորդ Նիստը Տեղի Կ’ունենայ Երեւան

Հայաստանը Ստանձնեց ՀԱՊԿ Նախագահութիւնը․ Խորհուրդի Յաջորդ Նիստը Տեղի Կ’ունենայ Երեւան

by MassisPost

Հայաստանը ստանձնեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նախագահութիւնը։ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յաջորդ նիստը տեղի կ’ունենայ Երեւան՝ յաջորդ տարուայ չորրորդ եռամսեակին։

Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդներու եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու կոմիտէի յաջորդ նիստերը նոյնպէս կը նախատեսուին կայացնել Հայաստան՝ 2022 թուականի առաջին կէսին:

Այսօր՝  Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովէն յետոյ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուց այն առաջնահերթութիւնները, որոնք կը նախատեսուին իրագործել կազմակերպութենէն ներս՝ Հայաստանի նախագահութեան օրօք, «այսինքն՝ այն հիմնական ոլորտները, որոնք կ’առաջարկուին մեր կազմակերպութեան, որ անոնց վրայ կեդրոնացնէ իր հիմնական ջանքերը յաջորդ տարի»:

Փաշինեան ՀԱՊԿ-ի գործընկերներուն առաջարկեց կեդրոնանալ կազմակերպութեան յարաշարժ զարգացման ու մեքենականութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղուած համատեղ հետեւողական աշխատանքին վրայ։ Հայաստանի վարչապետը, մասնաւորապէս, կը համարէ, որ անհրաժեշտ է արդիականացնել ՀԱՊԿ-ի ճգնաժամային արձագանքման մեքենականութիւնները։

CSTO-Dushanbe-2

«Ակնյայտ է ճգնաժամային իրավիճակների մշտադիտարկման, կանխատեսման եւ կանխարգելման մեքենականութիւնների անհրաժեշտութիւնը: Գործնականում այս ամէնը կը ձեւաւորուի, այդ թւում՝ Ճգնաժամային արձագանքման կեդրոնի լիարժէք գործունէութեան ապահովման միջոցով», – ըսած է Փաշինեան։

Անցեալ տարի թրքական անօդաչուներու պատճառով Արպէյճանին դէմ պարտուած Հայաստանի ղեկավարը այսօր՝ ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին ընդգծած է, որ Հայաստանը մտադիր է սերտօրէն համագործակցիլ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններուն հետ՝ ՀԱՊԿ ուժերու մարտունակութիւնը բարձրացնելու նպատակով:

«Կասկած չկայ, որ ՀԱՊԿ հաւաքական ուժերի ներուժն անհրաժեշտ է արդիականացնել եւ զարգացնել, ժամանակակից եւ նոր, այդ թւում՝ անօդաչու կազմաւորումներով համալրել, դրանք ժամանակակից միջոցներով վերազինել եւ կատարելագործել դրանց ղեկավարումը», – ըսած է Փաշինեան։

Անցեալ տարի ՀԱՊԿ-էն լուրջ սպասումներ ունէր Հայաստան, սակայն 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ կազմակերպութիւնը, որուն կ’անդամակցին Ատրպէյճանի դաշնակիցները, անոնց կարգին՝ թրքալեզու Ղազախիստանն ու Խրխըզիստանը, հրաժարած է որեւէ ձեւով միջամտել պատերազմին՝ սահմանափակուելով կողմերուն խաղաղ ճանապարհով հարցերը կարգաւորելու կոչով։

Այսօր ՀԱՊԿ-էն սպասումներ ունի Աֆղանիստանին սահմանակից Տաճիկստանը։ Տուշանպէի մէջ այս առումով կը սպասէին Ռուսաստանի նախագահի այցը։ Վլատիմիր Փութինը, սակայն, Տաճիկստանի մայրաքաղաք չէ ժամանած եւ գագաթնաժողովին մասնակցած է տեսակապի միջոցով։

ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին Վլատիմիր Փութին այսօր անգամ մը եւս յայտարարած է, որ ինքնամեկուսացուած է, քանի որ իր մերձաւոր շրջապատին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է տասնեակներու։ «Այնպէս որ, պէտք է քանի մը օր գտնուիմ ինքնամեկուսացման մէջ եւ այսօր չեմ կրնար սեղմել ձեր ձեռքը եւ գրկախառնուիլ ձեզի հետ», – ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։

Ինչ կը վերաբերի Աֆղանիստանէն եկող սպառնալիքներիուն, Փութինը շեշտած է անվտանգութեան ապահովման նպատակով ՀԱՊԿ երկիրներու ջանքերն ու համախմբուածութիւնը համակարգելու անհրաժեշտութիւնը։

Ինչպէս նշուած է գագաթնաժողովի աւարտին ընդունուած հռչակագիրի բովանդակութեամբ՝ ՀԱՊԿ-ի ղեկավարները Տուշանպէի մէջ կայացած նիստին հաստատած են Արագ արձագանքման հաւաքական ուժերուն ժամանակակից զէնքով զինելու ծրագիրը:

Այսօր ՀԱՊԿ-ի ղեկավարները նաեւ պայմանագիր ստորագրած են, ուր նախատեսուած է ռազմական ոստիկանութեան, ռազմական հետախուզութեան, զինուորական դատախազութեան եւ դատարաններու ստեղծում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment