Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ 20 Անձի Մեղադրանք Առաջադրուած Է Ընտրողներուն Կաշառք Տալու Եւ Կաշառք Ստանալու Համար

20 Անձի Մեղադրանք Առաջադրուած Է Ընտրողներուն Կաշառք Տալու Եւ Կաշառք Ստանալու Համար

by MassisPost

«20 անձի մեղադրանք է առաջադրուել ընտրողներին կաշառք տալու եւ կաշառք ստանալու համար», յայտնած է Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ):

Համաձայն հաղորդագրութեան՝ նախաքննութեամբ պարզուած է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Արթիկի շրջանային կոմիտէի կազմակերպիչ, Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն «Պատիւ ունեմ» կուսակցութիւններու դաշինքի կողմէ պատգամաւորութեան թեկնածու առաջադրուած Սուսաննա Տոնոյեան նախընտրական քարոզչութեան ժամանակամիջոցին նախնական համաձայնութեան եկած է Անահիտ Մարտիրոսեանի, Շարմաղ Յարութիւնեանի ու Մանուշակ Սեդեանի հետ` ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ «Պատիւ ունեմ»-ի օգտին կողմ քուէարկելու համար Շիրակի մարզի ընտրողներուն կաշառք տալու հարցով:

Յանցաւոր դիտաւորութիւնը իրագործելու նպատակով, Սուսաննա Տոնոյեանը վերը նշուած անձերուն, ինչպէս նաեւ Երջանիկ Գալոյեանին, Ելենա Սահակեանին եւ Գէորգ Սարգսեանին առաջարկած, խոստացած եւ տրամադրած է ընդհանուր աւելի քան 800 հազար դրամ կաշառք, որու մէկ մասը վերջիններս պահած են իրենց, իսկ մնացած մասը բաժնած մարզի ընտրողներուն` իւրաքանչիւրին 10 000-ական դրամի չափով:

Սուսաննա Տոնոյեանին մեղադրանք առաջադրուած է խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ երկու եւ աւելի անձերու կաշառք տալու փորձի համար: Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Եւս 19 անձի, անոնց կարգին` Անահիտ Մարտիրոսեանին, Շարմաղ Յարութիւնեանին, Երջանիկ Գալոյեանին, Ելենա Սահակեանին, Գէորգ Սարգսեանին եւ Մանուշակ Սեդեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 154.2-րդ յօդուածի (ընտրողի կողմէ թեկնածուներէն, կուսակցութիւններէն հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններէն կաշառք ստանալը կամ թեկնածուներու, կուսակցութիւններու հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններու կողմէ ընտրողներուն կաշառք տալը կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտելը) տարբեր մասերով:

Մեղադրեալներէն 15-ը տուած են խոստովանական ցուցմունքներ եւ ընդունած են իրենց առաջադրուած մեղադրանքները:

20 մեղադրեալներէն 8 անձի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրած է ՀՀ քրէական օրէնսգքրի 72-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 37-րդ յօդուածով նախատեսուած` գործուն զղջալու հիմքով, իսկ 12 մեղադրեալներու վերաբերեալ նախաքննութիւնը աւարտած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment