Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եղած եմ ու Պիտի Մնամ Հայաստանի Լաւագոյն Բարեկամներէն․ Լաքոթ

Եղած եմ ու Պիտի Մնամ Հայաստանի Լաւագոյն Բարեկամներէն․ Լաքոթ

by MassisPost

«Եղած եմ ու պիտի մնամ Հայաստանի լաւագոյն բարեկամներէն», նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպումին այսօր՝ Սեպտեմբեր 10-ին ըսած է Ֆրանսայի դեսպանը։

Ժոնաթան Լաքոթը, որ աւարտած է իր առաքելութիւնը Հայաստանի մօտ, շեշտած է, որ պիտի շարունակէ իր ներդրումը ունենալ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու խորացման մէջ։

Բարձր գնահատելով դեսպանի դիւանագիտական ծառայութիւնը Հայաստանի մօտ՝ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է հայ-ֆրանսական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման ուղղուած անոր անձնական ջանքերուն համար ու երախտագիտական նամակ փոխանցած։

Աւելի վաղ Ժոնաթան Լաքոթը հրաժեշտի հանդիպում ունեցած էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ։

Հայաստանի մօտ ֆրանսայի նոր դեսպանը Անն Լոյոն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment