Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ո’Չ Կառավարիչ Կէվըն Նիւսըմի Պաշտօնանկութեան

Ո’Չ Կառավարիչ Կէվըն Նիւսըմի Պաշտօնանկութեան

by MassisPost

Սեպտեմբեր 14-ին պիտի կայանայ Քալիֆորնիոյ Կառավարիչ Կէվըն Նիւսըմի պաշտօնանկութեան հանրաքուէն, որու նախաձեռնողներն են Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակները, որոնք յաջողած էին 1.5 միլիոն ստորագրութիւն հաւաքելով պաշտօնանկութեան հարցը դնել հանրաքուէի:

Այս հարցը գլխաւորաբար ծագեցաւ անցեալ տարի` համավարակի ամենէն թէժ օրերուն, երբ կառավարիչի որոշումով արգիլուած էին ամէն տեսակի հաւաքոյթները ու փակ էին ճաշարանները: Այդ օրերուն, մամուլին մէջ տարածուեցաւ լուսանկար մը, ուր կ’երեւէր Նիւսըմ, 10-12 այլ անձերու հետ` ֆրանսական սուղնոց ճաշարանի մը մը մէջ, ուր կը նշուէր կառավարիչի մեծահարուստ բարեկամներէն եւ ընտրապայքարներու նուիրատուներէն  մէկուն տարեդարձը:

Լուսանկարի հրապարակումէն անմիջապէս յետոյ Նիւսըմ` ընդունելով իր սխալը, ներողութիւն խնդրեց Նահանգի ժողովուրդէն, սակայն Կառավարիչի հակառակորդները առիթը յարմար գտան պաշտօնանկութեան գործընթաց սկսելու`  Կառավարիչը մեղադրելով նաեւ համավարակի դէմ պայքարի գծով անոր կողմէ առնուած խիստ քայլերուն, դիմակ օգտագործելու պարտադրանքին եւ այլ սահմանափակումներուն համար:

Պաշտօնանկութեան այս հանրաքուէն խոցելի է բազմաթիւ առումներով: Առաջինը, Կէվըն Նիւսըմի պաշտօնավարման աւարտին մնացած է մէկ տարի եւ մի քանի ամիս ու 2022-ի Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան նոր ընտրութիւններ: Երկրորդ, իմաստ չունէր Նահանգի պիւտճէէն 275 միլիոն տոլար ծախսել` հանրաքուէն կազմակերպելու համար, երբ այդ գումարը կրնար օգտագործուիլ այլ նպատակներու, օրինակ համավարակի պատճառաւ անգործութեան մատնուածներուն:

Երրորդ պատճառը այն է թէ, պաշտօնանկութեան հանրաքուէի օրէնքը ինքնին դերի է, այն իմաստով որ,  ընտրողներու 49.9 տոկոսը կրնայ «Ոչ» քուէարկել պաշտօնանկութեան, սակայն չստանալով 50 տոկոս առաւել մէկ ձայն, Նիւսըմ կրնայ հեռացուիլ իր պաշտօնէ ու իր տեղը գայ 20-25 տոկոս ստացող թեկնածու մը: Հարցախոյզերու համաձայն, այս սինարիոն կրնայ իրականութիւն դառնալ: Նոյն հարցախոյզերը ցոյց կու տան որ, Հանրապետական ընտրողները շատ աւելի ոգեւորուած են այս ընտրութիւններով` քան Դեմոկրատները, որոնց  մասնակցութեան թիւը ցած ըլլալու պարագան կրնայ պատճառ դառնալ Հանրապետական թեկնածուներէն մէկուն յաղթանակին:

Առ այժմ Հանրապետականերու առաջատար թեկնածուն է երկար տարիներու ռատիոյի խօսնակ Լէրրի Էլտըր, որու գաղափարները ծայրայեղ աջակողմեան են եւ չեն համընկնիր Քալիֆորնիոյ ժողովուրդի մեծամասնութեան տեսակէտներուն:

Կէվըն Նիւսըմ իր պաշտօնավարման երեք տարիներու ընթացքին կարողացաւ կանգուն պահել տնտեսութիւնը: Հակառակ համավարակին, ան ոչ միայն հաւասարակշռեց Նահանգի պիւտճէն, այլ եւ կարողացաւ 73 միլիառ տոլար աւելորդ գումար ապահովել: Սկզբնական շրջանի համավարակի դէմ առնուած խիստ քայլերուն պատճառաւ, այսօր Նահանգը շատ աւելի բարւոք վիճակի մէջ է, քան Ամերիկայի այլ նահանգներ: Ան կարողացաւ շատ լաւ ձեւով կազմակերպել պատուաստումի արշաւը:

Վերջապէս, Կէվըն Նիւսըմ եղած է ու կը մնայ հայամէտ քաղաքական գործիչ մը, որ բազմաթիւ առիթներով նեցուկ կանգնած է Ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն: Ան տարիներով մասնակցած է ու ելոյթ ունեցած` Հայկական Ցեղասպանութեան համագաղութային միջոցառումներուն:

Այս եւ բազմաթիւ այլ պատճառներով պէտք է «Ոչ» քուէարկել  հանրաքուէին, այժմէն իսկ ուղարկելով բոլորի տուները հասած քուէաթերթիկները եւ կամ  Սեպտեմբեր 14-ին անձամբ ներկայանալով ընտրական տեղամաս:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment