Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահները Արցախ Կը Մնան Հինգ Տարի, Հետագային Երկարաձգման Որոշում Կը Կայացուի․ Մուրատով

Ռուս Խաղաղապահները Արցախ Կը Մնան Հինգ Տարի, Հետագային Երկարաձգման Որոշում Կը Կայացուի․ Մուրատով

by MassisPost

«Ռուս խաղաղապահները Արցախ կը մնան հինգ տարի, ինչպէս նշուած է եռակողմ համաձայնագարութեան մէջ, ապա երկարաձգման որոշում կը կայացուի», ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, ըսած է զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատով, որ աւարտեց իր առաքելութիւնը, որպէս Արցախի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար։

Ան իր աշխատանքը դրական գնահատած է՝ նշելով, որ Արցախի մէջ կեանքը կ’ընթանայ ամբողջ հունով։

«Միայն դրական կը գնահատեմ իմ աշխատանքը։ Մեր աշխատանքին գնահատական կու տայ խաղաղ ժողովուրդը։ Այսօր կեանքը Ղարաբաղի մէջ կ’ընթանայ ամբողջ հունով։ Ի հարկէ կան շատ բարդ հարցեր, բայց կեանքը կը շարունակուի: Մարդիկ կը վերադառնան, շարք մը հարցեր կը լուծուին, կը կարծեմ ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ», – ըսած է Մուրատովը։

Մուրատով Արցախ էր 2020-ի Նոյեմբերէն։ Արցախի մէջ խաղաղապահ զօրախումբի նախկին հրամանատարին կը փոխարինէ զօրավար-մայոր՝ Միխայիլ Քոսոբոքովը։

Հազարաւոր ռուս խաղաղապահներ Ղարաբաղի մէջ են Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, ուր նշուած է, որ զօրակազմը պիտի տեղակայուի 5 տարի ժամկէտով, որ եւս հինգ տարիով կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ կողմերէն որեւէ մէկը ժամկէտի աւարտին չպահանջէ, որ առաքելութիւնը դուրս բերուի Ղարաբաղէն:

Պաքուն բազմիցս յայտարարած է, թէ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, իսկ ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւոր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment