Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանի Մէջ Նոր Կառավարութիւն Ձեւաւորուած Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Մէկ Տարի Անց

Լիբանանի Մէջ Նոր Կառավարութիւն Ձեւաւորուած Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Մէկ Տարի Անց

by MassisPost

Պէյրութի նաւահանգիստի աւերիչ պայթումի հետեւանքով  նախորդ վարչակազմի պաշտօնաթողութենէն աւելի քան մէկ տարի անց Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն ձեւաւորուաած է, հաղորդած է BBC-ն։

Նաժիպ Միքաթին դարձած է Լիբանանի վարչապետ։ Ան Լիբանանի ամենահարուստ մարդը կը համարուի եւ նախապէս ալ երկու անգամ գրաւած է վարչապետի պաշտօնը։ Անոր նշանակմամբ եւ նոր կառավարութեան կազմաւորմամբ երկիրը կը վերականգնուի ամիսներ շարունակ  քաղաքականապէս կաթուածահար եղած վիճակէն։

Լիբանանը կ’ապրի իր պատմութեան ամենածանր ներքին ճգնաժամը: Երկրին մէջ աճած են  գործազրկութիւնն ու գնաճը, ելեկտրականութիւն, վառելիքի եւ դեղորայքի հասանելիութեան խնդիր կայ, եւ երկիրը ցնցուած է գրեթէ երկու տարի տեւած բողոքի ցոյցերէն, որոնք տեղի կ’ունենային քաղաքական բարեփոխութիւններու պահանջով:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանը 1 տարի է ինչ, չունէր ձեւաւորուած կառավարութիւն, քանի որ նախկին վարչապետ՝ Հասան Տիապը հրաժարական տուած էր 2020 թուականի Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստի ողբերգական պայթումէն քանի մը օր ետք։

Պայթումը, որ առաջացած էր ամոնիաքի նիթրաթի ոչ պատշաճ պահեստաւորման հետեւանքով, խլեց 203 մարդու կեանք, առնուազն 6000 հոգի վիրաւորեց եւ երկրին միլիառաւոր տոլարներու վնաս հասցուց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment