Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտը (ԱՆԻՖ) եւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի առաջին եւ ամենամեծ պիւտճէտային փոխադրող գործարկուն` Էյր Արապիա ընկերութիւնը, այսօր՝ Սեպտեմբեր 1-ին յայտարարեցին, որ համատեղ ձեռնարկութեան կողմէ գործարկուող նոր ազգային օդանաւային ընկերութիւնը կ’անուանուի «Fly Arna» («Ֆլայ Արնա»):
Անունը ընտրուած է համատեղ ձեռնարկութեան տնօրէններու խորհուրդի կողմէն, 2021 թուականի Յուլիսին յայտարարուած «Անուանէք օդանաւային ընկերութիւնը» մրցոյթի մասնակիցներէն ստացուած աւելի քան 500 առաջարկներէն:
Բոլոր առաջարկներու համապարփակ քննարկումներէն յետոյ, որպէս օդանաւային ընկերութեան անուն ընտրուեցաւ «Fly Arna»ն։ «Արնա» բառը մէջտեղ եկած է «Հայկական ազգային օդանաւային ուղիներ» (Armenian National Airlines) անունէն՝ համատեղելով «ARmenian» բառի առաջին երկու տառերը, «National» եւ «Airline» բառերու առաջին տառերը:
Մրցոյթը նպատակ ունէր հնարաւորութիւն տալու Հայաստանի քաղաքացիներուն մասնակցելու երկրի ազգային օդանաւային ընկերութեան անուանակոչման` արտացոլելով ԱՆԻՖ-ի եւ Էյր Արապիոյ յանձնառութիւնը` նպաստելու շահագրգիռ կողմերու հնարաւորինս ընդգրկուն ներգրաւման:
Աւելի քան 800 մասնակից ԱՆԻՖ-ի ընկերային ցանցերու եւ էլեկտրոնային հաղորդագրութեան միջոցով առաջարկած է 500 անուն նոր օդանաւային ընկերութեան համար: