Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Պաքուն Չի Կատարեր 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ Համաձայնագրով Ստանձնած Պարտականութիւնները». Արարատ Միրզոյեան

«Պաքուն Չի Կատարեր 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ Համաձայնագրով Ստանձնած Պարտականութիւնները». Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

Հայաստանի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան այսօր՝ Օգոստոս 31-ին, Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ իր առաջին հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստանի ռազմավարութիւնը խաղաղութիւնն է տարածաշրջանին մէջ, զոր, սակայն, կը խոչընդոտէ Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը։

«Պաքուն չի կատարում 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմն համաձայնագրով ստանձնած պարտականութիւնները», – ընդգծած է Միրզոյեանը՝ շեշտելով, որ այդ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի ջանքերով:

«Պաքուն սադրիչ քայլերի է դիմում, խախտում է միջազգային իրաւունքն ու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչին մենք առնչուեցինք այս տարուայ Մայիսի 12-ին», – յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Միրզոյեանը նաեւ շեշտած է, որ հրաժարելով վերադարձնել հայ ռազմագերիները Պաքուն կը խախտէ եռակողմ համաձայնագիրը:

Հայաստանի ԱԳ նախարարը ողջունած ատեն Լաւրով ընդգծած է, որ Միրզոյեան նոր մարդ չէ եւ անոր նախկին կապերը կ’օգնեն աւելի զարգացնել հայ-ռուսական կապերը: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է, որ Արարատ Միրզոյեան իր առաջին արտասահմանեան այցը կատարած է Մոսկուա:

Այցին ընդառաջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծաւալուն տեղեկանք հրապարակած է, ուր այսօրուայ հանդիպման օրակարգն էր, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու վերջին երկու տարիներու հանդիպումներու եւ շփումներու ամբողջական ցանկը եւ Հայաստանի մէջ ռուսաստանեան ընկերութիւններու ցանկն ու ներդրումներու ծաւալը։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած փաստաթուղթով մասնաւորապէս ըսուած է, որ այսօրուայ բանակցութիւններու առանցքային թեման Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքն է՝ ներառեալ մարդասիրական հարցերը եւ Հարաւային Կովկասի տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակումը։

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան տարածած տեղեկանքով նշուած է նաեւ, որ Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը եւ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ տարի 66 անգամ խօսած են հեռաձայնով, իսկ այս տարի 3 անգամ հանդիպած են եւ 14 հեռախօսազրոյց ունեցած են։ Նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ներդրումներու ծաւալը կը կազմէ մօտ 2,1 միլիառ տոլար՝ ընդհանուր ներդրումներու 40 տոկոսը։

Լաւրով-Միրզոյեան հանդիպման ընդառաջ Մոսկուան յայտնած է նաեւ, որ անցեալ տարի համավարակի պայմաններուն ֆիզիքական անձեր Ռուսաստանէն Հայաստան փոխանցած են շուրջ 829 միլիոն տոլար։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ հայ-իրանական եւ հայ-թրքական սահմանները կը վերահսկուին ռուս սահմանապահներու կողմէ։

Երէկ երեկոյեան Մոսկուայի մէջ Արարատ Միրզոյեան ընթրիք ունեցած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զասի հետ։

Լաւրով-Միրզոյեան հանդիպման նախօրէին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Պաքուի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահ՝ Իկոր Խովաեւը։

Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը:

Յետպատերազմեան շրջանին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ ղարաբաղեան խնդիրը այլեւս գոյութիւն չունի եւ Մինսքի խումբը այլեւս ընելիք չունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment