Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Ողջունած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի Փաստահաւաք Առաքելութիւնը

Հայաստանը Ողջունած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի Փաստահաւաք Առաքելութիւնը

by MassisPost

«Հայաստանը ողջունել է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութիւնը եւ պատրաստակամ է սատարել դրա՝ հնարաւորինս արագ կեանքի կոչմանը` «Զինուած ընդհարման դէպքում մշակութային արժէքների պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Հաակայի համաձայնագրին եւ դրան կից երկու արձանագրութիւններին համահունչ», «Ազատութիւն»ի հարցին ի պատասխան ընդգծած է Հայաստանի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեանը՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնը:

«Ազատութիւնը» մասնաւորապէս հետաքրքրուած է, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեն Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, թէ իբր Հայաստանը դէմ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան այցին Լեռնային Ղարաբաղ։

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարի քարտուղարը նշած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան անյապաղ իրագործման անհրաժեշտութիւնը առաջացած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացման վերահաս վտանգէն պաշտպանելու համար։

«Թէ՛ պատերազմական գործողութիւնների ընթացքում, թէ՛ հրադադարի հաստատումից յետոյ բազմաթիւ են ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից հայկական եկեղեցիների, մշակութային եւ կրօնական այլ յուշարձանների միտումնաւոր ոչնչացման եւ վանդալութեան փաստագրուած դէպքերը։ Աւելին` Արցախի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան կառոյցների ֆիզիքական ոչնչացմանը զուգահեռ ականատես ենք լինում Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հրահանգով իրականացուող պատմական փաստերի կեղծման, հայկական յուշարձանների ինքնութեան եւ պատկանելիութեան խեղաթիւրման, ճարտարապետական տեսքի փոփոխման անընդունելի դէպքերի», – յայտնած է ԱԳՆ քարտուղարը։

Յունանեան նշած է, որ մշակութային յանցագործութիւնները կոծկելու նպատակով Ատրպէյճանը տեւական ժամանակ կը խոչընդոտէր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտներու այցելութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ կազմակերպութիւնը մեղադրելով կողմնակալութեան մէջ։ Ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ առաքելութեան իրագործման համար խոչընդոտներ ստեղծելու եւ հարցը քաղաքականացնելու կիրարկումը հիմա ալ կը շարունակուի, ԱԳՆ-ը կը յիշեցնէ, որ դեռ 2020-ի Դեկտեմբերին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի՝ մշակութային հարցերով տեղակալը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանը համաձայնութիւն չի տար առաքելութեան գործուղման։

Իլհամ Ալիեւ ԵՈԻՆԵՍՔՕ-ն քննադատած է Ատրպէյճանի հանդէպ անուշադիր ու կողմնակալ վերաբերմունքի համար:

«Մենք, կարելի է ըսել, 30 տարի է` իրենց կը սպասենք, ժամանակին խնդրած ենք, որ գան ու արձանագրեն հայերու հասցուցած վնասը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչները, սակայն, յայտարարած էին, թէ կառոյցը քաղաքական հարցերուն  չի միջամտեր: Պատերազմէն յետոյ, մինչդեռ, մենք ազդակներ ստացանք, որ անոնք կ’ուզեն գալ: Ի հարկէ, զարմացանք, բայց՝ համաձայնեցանք: Եւ, որքան ես գիտեմ, առաքելութիւնը արդէն ստեղծուած է, սակայն հիմա Հայաստանը դէմ է, այդ իսկ պատճառով անոնց այցը կրկին կը յետաձգուի», – նշած է Ալիեւը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment