Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութին եւ Մաքրոն Քննարկած Են Սահմանի Լարուածութիւնը

Փութին եւ Մաքրոն Քննարկած Են Սահմանի Լարուածութիւնը

by MassisPost

Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի առաջնորդները  հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են նաեւ ղարաբաղեան խնդիրը:

«Վլատիմիր Փութինը, նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի խնդրանքով, ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Նոյեմբեր 9-ին եւ Յունուար 11-ին ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը», – հաղորդած է Ռուսաստանի նախագահական նստավայրը:

Ու թէեւ հայ – ատրպէյճանական սահմանին կրակոցները քանի մը շաբաթ է, որ չեն դադրիր եւ երկու կողմէն էլ կան զոհեր ու վիրաւորներ, Քրեմլինը պնդած է, որ Մաքրոնի եւ Փութինի զրոյցի ընթացքին «արձանագրուած է, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է»:

Էլիզէ պալատը, մինչդեռ, այլ գնահատական տուած է, ընդգծելով. – «Նախագահ Մաքրոնը մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան վերսկսման կապակցութեամբ»:

Վլատիմիր Փութինը, իր հերթին, հաղորդած է Մաքրոնին, թէ «քայլեր կը ձեռնարկուին Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական ու փախադրային կապերը վերականգնելու եւ բնակչութեան մարդասիրական կարիքները հոգալու ուղղութեամբ», – նշած է Ռուսաստանի նախագահական նստավայրը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու:

Էլիզէ պալատը հաղորդած է, որ երկու նախագահները վերահաստատած են Մինսքի խումբի առաւել մեծ դերակատարութեան հասնելու իրենց միասնական յանձնառութիւնը, որու նպատակն է յանգիլ տեւական լուծումներու` անցեալ տարուայ պատերազմէն ու Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնութիւններէն յետոյ:

Այս տեսակէտը կը պաշտպանէ նաեւ միջնորդական խումբի երրորդ համանախագահ երկիրը` Միացեալ Նահանգները, միջնորդներու այս յորդորները, սակայն, առայժմ էական արդիւնք չեն տուած:

Ի դէպ, Ֆրանսայի ու Ռուսաստանի առաջնորդները վերջին անգամ ղարաբաղեան խնդիրը քննարկած էին անցեալ ամիս: Այդ զրոյցի ընթացքին Վլատիմիր Փութինը կարեւորած էր եւրոպացի դաշնակիցներու, մասնաւորապէս` Ֆրանսայի սերտ ներգրաւումը ռազմական գործողութիւններէն տուժած բնակչութեան մարդասիրական խնդիրներու լուծման հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment