Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Երեք Զինծառայողներու Սպաննութեան Գործով Ձերբակալուած Է Նաեւ Դիրքի Աւագը

Երեք Զինծառայողներու Սպաննութեան Գործով Ձերբակալուած Է Նաեւ Դիրքի Աւագը

by MassisPost

Երեք զինծառայողներու սպաննութեան գործով ձերբակալուած է նաեւ դիրքի աւագը, յայտնած է Քննչական կոմիտէն՝ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով։

Ըստ կոմիտէին՝ վերջինս ձերբակալուած է՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ զինծառայողները կեանքէն զրկել դրդելու եւ ծառայակիցի նկատմամբ սեռային բնոյթի բռնի գործողութիւններ կատարելու կասկածանքով:

Յիշեցնենք, որ Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ Օգոստոս 19-ին՝ ժամը 01:30-ի սահմաններուն, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքի կացարանը, յայտնաբերուած են երեք զինծառայողներու դիակները՝ հրազէնային վնասուածքներով:

Նշուած յանցագործութիւնը կատարելու՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ զինծառայողները կեանքէն զրկելու կասկածանքով աւելի վաղ ձերբակալուած էր անոնց համածառայակից, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Ա.Հ-ն:

Վերջինիս մեղադրանք առաջադրուած է՝ Քրէական օրէնսգրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով: Վարոյթը կատարող մարմինը միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան՝ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ, որ Օգոստոս 22-ին բաւարարուած է:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment