Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սոթքի Հատուածին Մէջ Հակառակորդի Կրակոցէն Հայ Զինուոր մը Վիրաւորուեցաւ

Սոթքի Հատուածին Մէջ Հակառակորդի Կրակոցէն Հայ Զինուոր մը Վիրաւորուեցաւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը այսօր՝ Օգոստոս 17-ին ժամը 2։45-էն սկսեալ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի, մասնաւորապէս` Սոթքի հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի զինուած ուժերու մէկ զինծառայող, հաղորդած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Հայկական կողմը պնդած է, թէ ատրպէյճանական կողմը եւս ունի մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Պաքուն այս լուրերը չի հաստատեր։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը առտուընէ քանի մը հաղորդում տուած է Նախիջեւանի եւ Քելբաջարի շրջանները սկսուած փոխհրաձգութեան մասին՝ հրադադարը առաջինը խախտելու մեղքը դնելով հայկական կողմին վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment