Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Գորիսի Փոխքաղաքապետերը Ձերբակալուած են

Գորիսի Փոխքաղաքապետերը Ձերբակալուած են

by MassisPost

Առանձնապէս խոշոր չափերով իւրացումներ կատարելու կասկածանքով այսօր՝Օգոստոս 17-ին ձերբակալուած են Գորիսի փոխքաղաքապետեր Իրինա Եոլեանը եւ Մենուա Յովսէփեանը։ Լուրը հաստատեց Քննչական կոմիտէի մամլոյ քարտուղար՝ Վարդան Թադեւոսեան «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ։

Ընդ որում, ըստ Թադեւոսեանի, Մենուա Յովսէփեանը կը կասկածուի նաեւ ընտրական չարաշահումներու մէջ։

«Իրինա Եոլեանը եւ Մենուա Յովսէփեանը ձերբակալուել են Քրէական օրէնսգրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ առանձնապէս խոշոր չափերով իւրացումներ կատարելու, իսկ Մենուա Յովսէփեանը նաեւ Քրէական օրէնսգրքի 149.1-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին եւ 2-րդ կէտով՝ պաշտօնէական դիրքը եւ ծառայողական կախուածութիւնն օգտագործելով նախընտրական քարոզչութեանը մասնակցելուն կամ հանրաքուէի քարոզչութիւն կատարելուն կամ նախընտրական քարոզչութեանը մասնակցելուց կամ հանրաքուէի քարոզչութիւն կատարելուց հրաժարուելուն հարկադրելու կասկածանքով», – ըսաւ Քննչական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարը։

Փոխքաղաքապետերէն բացի ձերբակալուած են նաեւ Գորիսի համայնքապետարանի 2 աշխատակիցներ՝ Արմինէ Չոփչեանը եւ Սուսաննա Սարգսեանը: Գորիսի քաղաքապետարանէն առգրաւուած են փաստաթղթեր, խուզարկութիւն կատարուած է նաեւ Գորիսի ձերբակալուած պաշտօնատար անձանց բնակարաններուն մէջ։

Այս պահուն նախաքննութիւն կը կատարուի, այլ մանրամասնութիւններ առայժմ չեն ներկայացուիր։

Յիշեցնենք, որ Գորիսի 30-ամեայ քաղաքապետ՝ Առուշ Առուշանեան կալանքի տակ է։ Ան մեղադրուած էր արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակ ընտրական իրաւունքի իրագործումը խոչընդոտելուն օժանդակելու եւ ընտրողներուն կաշառք տալուն օժանդակելու եւ նախապատրաստելու համար, սակայն անոր առաջադրուած մեղադրանքը օրերս մեղմացաւ, դատախազի ցուցումով վերցուեցաւ ընտրական իրաւունքի իրագործումը խոչընդոտելուն օժանդակելու յօդուածը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment