Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցը Եռաբլուր

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցը Եռաբլուր

by MassisPost

Սոյն տարուայ Օգոստոս 13-ին, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Եռաբլուր յարգանքի տուրք մատուցելու բոլոր հերոսներին յիշատակին եւ մասնաւօրապէս Արցախեան վերջին պատերազմին ինկած հերոսներուն։

sdhp-yerapliur-2

Այդ առթիւ, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ` ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան նկատել տուաւ, որ հակառակ թարմ շիրիմներու ճնշող տեսարանին, վեհութեան եւ պատկառանքի շունչ կար այնտեղ եւ այսօր կարելի է հաստատել, որ Եռաբլուր ինքնին ուխտատեղի դարձած է, ուր պէտք է այցելէ իւրաքանչիւր հայ, մանաւանդ նոր սերունդը, նախ ոգեկոչելու մեր հերոսներուն յիշատակը եւ ոգեշնչուելու անոնց անձնազոհութեան գերագոյն դրսեւորումէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment