Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Lufthansa Օդանաւային Ընկերութիւնը Երկարատեւ Դադարէ Յետոյ Կը Վերադառայ Հայաստան

Lufthansa Օդանաւային Ընկերութիւնը Երկարատեւ Դադարէ Յետոյ Կը Վերադառայ Հայաստան

by MassisPost

Եւրոպական առաջատար Lufthansa օդանաւային ընկերութիւնը երկար տարիներու դադարէ յետոյ կրկին կը վերադառնայ հայկական շուկայ:

Lufthansa օդանաւային ընկերութիւններու խումբը Օգոստոս 13-էն սկսեալ ամրան շաբաթական մինչեւ 16 թռիչք պիտի կատարէ դէպի Երեւան:

«Արմենիա միջազգային օդակայաններ»ու ՓԲԸ (Փակ բաժնետիրական ընկերութիւն) տնօրէն՝ Մարսելօ Վենտըն  լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ,- «Lufthansa խմբի ներկայութիւնը Հայաստանում բաւականին լայն նշանակութիւն ունի, այն հնարաւորութիւն կու տայ ՀՀ քաղաքացիներին ճանապարհորդել 280 ուղղութեամբ՝ դէպի 100 երկիր: Ներկայում, ՀՀ-ում թռիչքներ իրականացնող օդանաւային ընկերութիւններից որեւէ մէկը չի առաջարկում նման բան: Այս համակցումը թոյլ կու տայ Lufthansa խմբին, տարեկան աւելի քան 100 միլիոն ուղեւոր փոխադրել»,- նշեց Մարսելով Վենտըն եւ աւելցուց, որ այս քայլը հնարաւորութիւն կու տայ տարբեր երկիրներէն Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւի յաւելումի:

Ամէն օր թռիչքներ պիտի կատարուին Երեւան-Վիեննա, շաբաթական 3 անգամ՝ Երեւան-Ֆրանքֆուրթ, շաբաթական 5 անգամ՝ Երեւան Պրուքսել եւ շաբաթական 1 անգամ՝ Երեւան-Քէոլն ուղղութիւններով:

Lufthansa խումբի Կեդրոնական, Արեւելեան եւ Հարաւարեւելեան Եւրոպայի վաճառքի գծով գլխաւոր տնօրէն՝ Փիթըր Փուլլեմ նշեց, որ իրենց խումբին մէջ կայ քանի մը այլ ընկերութիւններ՝ «Austrian», «Brussels airlines», «SWISS», «Eurowings», «Lufthansa» օդանաւային ընկերութիւնները:

Eurowings-ը, անցեալ շաբթուընէ արդէն թռիչքներ սկսած է կատարել դէպի Երեւան:

Lufthansa խումբի Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ, Թուրքմենիստանի եւ Հարաւային կովկասի վաճառքի գծով գլխաւոր տնօրէն Ռընէ Քոինզաք շեշտեց, որ իրենք դէպի Հայաստան կատարուելիք թռիչքներու մէջ բաւական մեծ փորձառութիւն ունին:

«Արմէնփրէս»-ի հարցին, թէ արդեօք քննարկումներ կան նաեւ դէպի Գիւմրի թռիչքներ կատարելու վերաբերեալ, Փուլեմը նշած է, որ դեռ նման քննարկումներ չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment