Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Հիւրընկալած Է ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Ներկայացուցիչները

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Հիւրընկալած Է ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Ներկայացուցիչները

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Խաչիկ Քէշիշեան կը հանդիպին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հետ:

Հանդիպումը ընթացած է տարբեր հարցերու վերաբերեալ բովանդակալից քննարկումներու ձեւաչափով, ներկայացուած է Արցախի եւ Հայաստանի շարք մը մարզերու մէջ իրականացուող բնակարանաշինութեան, ենթակառուցուածքներու վերականգնման եւ զարգացման, կրթական հաստատութիւններու բարեկարգման եւ ընկերային բնոյթի ընթացիկ ծրագրերը: Ընդգծուած է Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման եւ առկայ ներուժի լիարժէք օգտագործման կարեւորութիւնը՝ ի շահ Հայրենիքի զարգացման եւ շէնացման:

ՍԴՀԿ-ը մշտապէս իր ներկայացուցիչը ունեցած է հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի կազմին մէջ եւ զգալի մասնակցութիւն ունեցած է հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment