Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի ՊՆ-ը կը Պնդէ՝ Հայաստանը Նոր Ուժեր Կեդրոնացուցած Է Ղարաբաղի Մէջ

Ատրպէյճանի ՊՆ-ը կը Պնդէ՝ Հայաստանը Նոր Ուժեր Կեդրոնացուցած Է Ղարաբաղի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Հայաստանը խախտած է Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի եռակողմ համաձայնութիւնը եւ նոր ուժեր կեդրոնացուցած է  Ղարաբաղի մէջ:

Ատրպէյճանի բանակը պիտի ձեռնարկէ համարժէք քայլեր, նման իրավիճակը անընդունելի է, յայտարարած է Պաքուն։

«Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներու միջեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան համաձայն Ղարաբաղի մէջ մնացած հայկական ուժերու մնացորդները պէտք է դուրս բերուէին Ատրպէյճանի տարածքէն, ուր ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են», – յայտարարած է Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը, ընդգծելով, որ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ։

«Վերջին օրերուն Հայաստանը խախտած է եռակողմ յայտարարութիւնը՝ իր զինուած ուժերը տեղափոխելով Ատրպէյճանի տարածք եւ նոր հայկական դիրքեր բացած է Մուխթարաքենտի ու Շուշաքենտի, ինչպէս նաեւ Քելբաջարի եւ Լաչինի արեւելեան հատուածներուն մէջ։ Այդպիսով հայկական կողմը միտումնաւոր կը դիմէ սադրանքներու՝ իրավիճակը սրելու համար», – պնդած է Պաքուն, աւելցնելով, որ ատրպէյճանական բանակը պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցները։

Աւելի վաղ՝ ամիսներ առաջ, այս հարցը նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովը բարձրացուցած էր, որ նաեւ միջազգային կառոյցներուն ու ՄԱԿ-ին դիմած էր, պնդելով, թէ Հայաստանը ապօրինի ուժեր կեդրոնացուցած է Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։ Հայկական կողմը Ատրպէյճանէն հնչող այդ մեղադրանքներուն ի պատասխան մէջբերած է եռակողմ յայտարարութեան դրոյթը, ըստ որու Նոյեմբեր 9-էն ետք կողմերը կը մնան իրենց գրաւած դիրքերուն վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment