Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լարուած Իրավիճակ Ազգային Ժողովէն Ներս

Լարուած Իրավիճակ Ազգային Ժողովէն Ներս

by MassisPost

Օգոստոս 11-ին, Մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութիւնը խորհրդարանէն ներս ընթացաւ լարուած իրավիճակի մէջ։ Ամէն ինչ սկսաւ, երբ ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Աննա Մկրտչեան իր ելոյթին մէջ խօսելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասին՝ անոր դիմեց անունով, ինչպէս նաեւ որակումներ տուաւ։

«Ամենաթողութեան իրավիճակի հեղինակը Հայաստանը ու Արցախն աւերած հողատուն Նիկոլն է», – ըսաւ Մկրտչեան:

ԱԺ-ի նախագահը անոր խօսափողը անջատեց ու զրկեց զինք այսօրուայ նիստին մասնակցելու հնարաւորութենէն. «Հակառակ դէպքում անվտանգութեան աշխատակիցները ձեզ դուրս կը բերեն»:

Աւելի ուշ իր ելոյթին մէջ տեղի ունեցածին արձագանքեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ փոխնախագահ՝ Իշխան Սաղաթէլեանը։

«Ես հասկանում եմ, պարոն Սիմոնեան, որ հաւանաբար ձեր շէֆի կողմից ունէք շատ յստակ ցուցում, որպէսզի Ազգային ժողովում որոշ արտայայտութիւններ չհնչեցուեն, ասենք, «հողատու» կամ «կապիտուլեանտ» բառերը, եւ հաւանաբար դա եղել է ձեր Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելու պայմաններից մէկը: Ասեմ, որ դա քաղաքական գնահատական է, դա անձնական վիրաւորանք չէ», – յայտարարեց Սաղաթէլեանը:

Սաղաթէլեանի ելոյթին յաջորդեցին տեղերէն արձագանքներ։ Եղան նոր նախազգուշացումներ եւ նոր վիրաւորանքներ։ Ի վերջոյ ԱԺ-ի նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան անվտանգութեան աշխատակիցները դահլիճ հրաւիրեց եւ առանց կանոնակարգ օրէնքի յղման ու որեւէ բացատրութեան հրահանգեց դադրեցնել ԱԺ հեռարձակումը։

Անվտանգութեան աշխատակիցները այդ ընթացքին մտած են նաեւ ԱԺ-ի օթեակի լրագրողներու աշխատանքի համար յատկացուած հատուածը ու հրահանգած դադրեցնել նկարահանումները։ Լրագրողներու նկատմամբ այս նոր սահմանափակման մասին «Հետք» լրատուական կայքը հրապարակած է տեսանիւթ:

Ի դէպ՝ Ազգային ժողովը այդ պահուն կը քննարկէր Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի իշխանական էդուարդ Աղաճանեանի ընտրութեան հարցը, որ շարունակուեցաւ ընդմիջումէն յետոյ։ Խօսքի իրաւունքը իշխանական խմբակցութեան ղեկավար՝ Հայկ Քոնճորեանինն էր։ Ան սպասեց մինչեւ դահլիճ եկաւ Սաղաթէլեանը եւ անոր պատասխանեց,- «Ձեր ելոյթը ձեր շէֆի հետ համաձայնեցուա՞ծ էր, թէ՞ ոչ՝ Ռոպերթ Քոչարեանին», – ըսաւ Քոնճորեան:

Ապա Քոնճորեան դիմեց ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Սէյրան Օհանեանին ու համեմատականներ կատարեց իր ու Օհանեանի միջեւ. «Դուք չէք հանդիսանում փաստացի ձեր խմբակցութեան ղեկավարը»:

Իշխանական բոլոր պատգամաւորները, խմբակցութեան ղեկավարն ալ յստակ ընդգծեցին, որ ընդդիմադիրներու յայտարարութիւնները անպատասխան պիտի չձգեն. «Յանկարծ չփորձէք մտածել, որ որեւէ միտք այս ամպիոնում կամ այս դահլիճում հնչած մնալու է անպատասխան»:

Աւելի ուշ՝ երբ խորհրդարանը արդէն կը քննարկէր Տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու ընդդիմադիր՝ Արմէն Գէորգեանի ընտրութեան հարցը, արտահերթ ելոյթով հանդէս եկաւ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը ու առաջարկեց ընդդիմութեան ոչնչացնել այսօրուայ տեղի ունեցածը:

«Վերջացնենք այս հռետորաբանութիւնը մէկընդմիշտ, սա համարէք իմ ձեռքը, որ ես մեկնում եմ ձեզ», – ըսաւ Ալեն Սիմոնեան:

Սիմոնեանի կառուցողական առաջարկին արձագանքեց անոր նախկին խմբակից, ներկայիս ընդդիմադիր՝ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար՝ Արթուր Վանէցեանը. «Աւելի տրամաբանական կը լինէր, եթէ մինչ այդ դուք յայտարարէիք, որ չեղարկելու էք կամ չեղարկում էք յայտարարած կարգապահական տոյժը»:

Խորհրդարանը այսօր քննարկեց նաեւ Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէտային հարցերու յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու՝ Գէորգ Պապոեանը առաջադրելու հարցը: Ինչպէս նաեւ աշխատանքային օրուայ աւարտին գումարեց լրացուցիչ նիստ եւ քննարկեց Տարածքային կառավարման յանձնաժողովի իշխանական պատգամաւոր՝ Վահէ Ղալումեանի առաջադրման հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment