Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անհրաժեշտ է, որ ՀԱՊԿ-ը Որոշակի Վճռականութիւն Դրսեւորէ. Փաշինեան

Անհրաժեշտ է, որ ՀԱՊԿ-ը Որոշակի Վճռականութիւն Դրսեւորէ. Փաշինեան

by MassisPost

«Անհրաժեշտ է, որ ՀԱՊԿ-ը որոշակի վճռականութիւն դրսեւորէ իր պատասխանատուութեան գօտիին մէջ առաջացած մարտահրաւէրներու լուծման գործին առընթեր», 10 Օգոստոսին, ընդունելով դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը, յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ընդգծելով, որ Հայաստանը շատ լրջօրէն կը պատրաստուի կազմակերպութեան մէջ իր յառաջիկայ նախագահութեան։

Զօրավար-լեյտենանտ Զասի հայաստանեան երկօրեայ աշխատանքային այցի ընթացքին ՀԱՊԿ-ի գործունէութիւնը հրապարակաւ քննադատած է պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեանը, ըսելով թէ դաշինքի որոշումներու կայացման մեքենականութիւնը չի համապատասխաներ ներկայ պահանջներուն։ Իսկ  գլխաւոր քարտուղար Զասը իր հերթին յայտարարած էր՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին բախումները սպառնալիք են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ ՀԱՊԿ-ի անվտանգութեան։

«ՀԱՊԿ-ը հանդիսանում է Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի առանցքային տարրերից մէկը, որը պատասխանատուութեան լայն գօտի ունի: Ցաւօք, բաւականին շատ վայրերում լարուածութիւնը մեծանում է: Եւ նաեւ այդ պատճառով մենք շատ լրջօրէն պատրաստուում ենք կազմակերպութիւնում մեր նախագահութեանը՝ կապուած ոչ միայն այն մարտահրաւէրների հետ, որոնք ի յայտ են եկել մեզ մօտ վերջին ժամանակներում Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան իմաստով, այլ նաեւ աւելի լայն իմաստով»- ըսած է վարչապետը։

Նշելով, որ ՀԱՊԿ-ը առաջին հերթին կազմակերպութիւն է, որ խնդիրները կը լուծէ քաղաքական մեթոտներով, Փաշինեան շարունակած է .«Ի հարկէ, այն ռազմաքաղաքական կազմակերպութիւն է, առաջին հերթին, դա նաեւ կանոնադրութեամբ է նախատեսուած, անհրաժեշտ է առաւելագոյն ջանքեր ներդնել, որպէսզի իրավիճակները, տարաձայնութիւնները եւ մարտահրաւէրները, որոնք յայտնուում են ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտում, լուծել քաղաքական մեթոտներով: Եւ կարծում եմ, որ կազմակերպութիւնն ի յայտ եկած խնդիրները քաղաքական մեթոտներով լուծելու շատ մեծ հնարաւորութիւններ ունի: Անհրաժեշտ է, որպէսզի կազմակերպութիւնը եւ մենք որոշակի վճռականութիւն դրսեւորենք այդ հարցերի նկատմամբ»։

Վարչապետը յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը արդէն քանի մը ամիս է անօրինականօրէն կը գտնուին Հայաստանի տարածքին վրայ: «Ի հարկէ, այդ իրավիճակին ՀԱՊԿ-ի արձագանգի վերաբերեալ շատ քննարկումներ կան: Պէտք է ասեմ, որ փաստացիօրէն առաջին անգամ ՀԱՊԿ-ում մենք բախուում ենք նման իրավիճակի հետ եւ պէտք է շատ ուշադիր ուսումնասիրենք իրավիճակը, որպէսզի հետագայում բարձրացնենք ՀԱՊԿ մեքաանականութիւնների արդիւնաւէտութիւնը: Կարծում եմ, որ այս առումով ձեր այցը նոյնպէս շատ կարեւոր է», – նշած է Փաշինեան։

Իր հերթին, ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը անդրադարձած է թեմաներու բաւականին լայն շրջանակի՝ «Քորոնա» ժահր, 44-օրեայ պատերազմ, հայաստանեան ընտրութիւններ, իրադրութիւնը տաճիկա-աֆղանական սահմանին եւ Պելառուսիոյ շուրջ, որմէ ետք միայն խօսած է կովկասեան տարածաշրջանի մասին։

«Գիտեմ, որ այժմ ձեր մօտ կը մշակուի կառավարութեան գործունէութեան ծրագիր, չեմ փորձեր խորհուրդներ տալ, բայց կը կարծեմ, որ այս հարցը պէտք է ըլլայ կառավարութեան առաջնային խնդիրներէն մէկը՝ յաղթահարելու այդ ճգնաժամը՝ սահմանին անվտանգութեան ապահովման համար, որպէսզի հնարաւորութիւն տանք մեր երեխաներուն ապրելու անվտանգութեան մէջ, այդ սահմանէն ներս, այլ ոչ թէ ռազմական բախումներու սահմանագիծին: Վստահ եմ, որ ունենալով նման կոփուածութիւն եւ փորձ՝ դուք այդ հարցը կը լուծէք դիւանագիտական-քաղաքական ճանապարհով», – ըսած է Զասը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment