Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Առանցքային Դաշնակից Է Ռուսաստանի Համար. Շոյկու

Հայաստանը Առանցքային Դաշնակից Է Ռուսաստանի Համար. Շոյկու

by MassisPost

«Ռուսաստանը պատրաստ է շարունակել աջակցութիւնը Հայաստանին բանակի արդիականացման ու վերակազմաւորման հարցով», այսօր՝ Օգոստոս 11-ին յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար՝ Սերկէյ Շոյկուն հայ գործընկերոջ՝ Արշակ Կարապետեանի հետ հանդիպման ընթացքին։

«Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք մեր փոխգործակցութեան զարգացման ռազմական ոլորտին մէջ՝ թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով եւ թէ՛ ՀԱՊԿ-ի ։ Անոր հետ մէկտեղ պատրաստ ենք շարունակել աջակցութիւնը Հայաստանի Զինուած ուժերու բարեփոխման ծրագրի իրագործման։ Խնդիրը հեշտ չէ, սակայն, կը կարծեմ, որ ձեր փորձառութեամբ՝ այդ նպատակին հնարաւոր է հասնիլ», – ըստ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, ըսած է կառոյցի ղեկավարը։

Շոյկուն նաեւ հաւաստիացուցած է, թէ Հայաստան Անդրկովկասի անվտանգութեան ապահովման գործով Ռուսաստանի դաշնակիցն ու առանցքային գործընկերն է, յիշեցնելով, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուի ռուսական 102-րդ ռազմակայանը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այլ մանրամասնութիւններ հաղորդած է  երկկողմանի բանակցութիւններէն։ Ըստ այդ հաղորդագրութեան, Շոյկուն ընդգծած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը պիտի շարունակէ առաւելագոյն ջանքեր գործադրել Ղարաբաղի խաղաղութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ։ Արշակ Կարապետեան իր հերթին ըսած  է, թէ այսօր հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները կը գտնուին աննախադէպ բարձր մակարդակ տեղափոխուելու փուլին։

Թէ ինչ աննախադէպ մակարդակի ու փուլի մասին է խօսքը՝ չէ նշուած։

Կարապետեանը, որ նախարար նշանակուած է օրեր առաջ, արդէն երկրորդ անգամն է, որ կը հանդիպի Սերկէյ Շոյկունին հետ, վերջին երկու շաբթուայ մէջ։

Պաշտօնական Մոսկուան հաղորդած է, թէ Կարապետեան ընդգծած է, որ ինք նախարար նշանակուելէ ետք արտասահմանեան առաջին այցը կատարած է  Մոսկուա։

«Ռուսաստանը միակ պետութիւնն է, որն անվտանգութեան առումով իրապէս շօշափելի արդիւնք է տալիս հայ ժողովրդին եւ այսօր զբաղւում է անվտանգութեան հարցերով ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղում, այլեւ անմիջականօրէն Հայաստանի սահմաններին։ Մենք պատրաստ ենք շատ սերտ ու արդիւնաւէտ համագործակցութեան», – ըստ ռուսական կողմի, ըսած է Հայաստանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարարը։

Հայկական կողմը, իր հերթին հաղորդած է, որ Կարապետեան Շոյկուի խնդրանքով ներկայացուցած է Հայաստանի սահմաններու շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ կարեւորելով իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման գործով Ռուսաստանի կողմէ գործադրուող միջնորդական ջանքերը։

Խօսելով այս մասին ռուս գործընկերոջ հետ, ըստ պաշտօնական Երեւանին, Արշակ Կարապետեան կրկնած է այն խօսքերը, զորս հնչեցուցած էր նախօրէին ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ հանդիպման ժամանակ՝ «Հայաստանը շարունակում է հաւատարիմ մնալ տարածաշրջանում կայուն խաղաղութեան հաստատմանը եւ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւնների շարունակութեանը, միեւնոյն ժամանակ` չի հանդուրժելու իր սահմանային շրջանների բռնագրաւումը եւ ձեռնարկելու է բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար»։

Հաղորդուած է, որ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները շարք մը կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են փոխգործակցութեան առաջիկայ ծրագիրներու շուրջ, թէ յստակ ինչի մասին է խօսքը չէ յստակացուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment