Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարարը Խստօրէն Հրահանգած Է Կասեցնել Հայաստանի Սահմանը Հատելու՝ Հակառակորդի Բոլոր Փորձերը

Պաշտպանութեան Նախարարը Խստօրէն Հրահանգած Է Կասեցնել Հայաստանի Սահմանը Հատելու՝ Հակառակորդի Բոլոր Փորձերը

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան խստօրէն հրահանգած է կասեցնել Հայաստանի սահմանը հատելու` հակառակորդի բոլոր փորձերը:

Երրորդ զօրամիաւորման ղեկավար կազմին եւ ենթակայ ստորաբաժանումներուն ներկայացնելով զօրամիաւորման նորանշանակ հրամանատար, գնդապետ Ալեքսանդր Ցականեանը՝ Կարապետեան մասնաւորապէս յայտարարած է. – «Հակառակորդը ոչ մի ձեւ չպէտք է նոյնիսկ մտածի ներթափանցել մեր տարածք, դա ձեր խնդիրն է: Դրա համար, ջոկատի հրամանատարը եւ զօրամասի հրամանատարները, ստորաբաժանումների հրամանատարները՝ սկսած դիրքի հրամանատարից, ունեն բոլոր իրաւունքները՝ կիրառել բոլոր միջոցները մեր սահմանները պաշտպանելու նպատակով: Միեւնոյն ժամանակ, մենք ոչ մի ձեւ չենք ուզում ոչ մի ուղղութեան վրայ սրացումներ, բայց եթէ փորձեցին ներթափանցել մեր տարածք, ես բոլորիդ հրամայում եմ՝ կիրառել բոլոր միջոցները, որ այդ միտումները յաջողութեան չհասնեն»:

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է գնդապետ Ցականեանի աւանդը բանակաշինութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործով` համոզմունք յայտնելով, որ զօրամիաւորումը նորանշանակ հրամանատարի գլխաւորութեամբ լիարժէք կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները։

Նախարարը այցելած է նաեւ զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասերը, ծաղիկներ խոնարհած Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած զինծառայողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, ինչպէս նաեւ ծանօթացած ստորաբաժանումներու ուսումնական եւ ընկերա-կենցաղային պայմաններուն: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը յանձնարարած է կարճ ժամանակի մէջ շտկել իր արձանագրած բոլոր թերութիւններն ու բացթողումները։

Անձնակազմի մարտական պատրաստականութիւնը ստուգելու համար՝ զօրամիաւորման թանկային եւ հրետանային ստորաբաժանումներուն մէջ յայտարարուած է «տագնապ», հաղորդած է Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Այցի աւարտին Արշակ Կարապետեան 44-օրեայ պատերազմի մասնակից շարք մը զինծառայողներուն պարգեւատրած է արժէքաւոր նուէրներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment