Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Արցախի ԱԺ Նախագահներու Հանդիպումը

Հայաստանի եւ Արցախի ԱԺ Նախագահներու Հանդիպումը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան հիւրընկալած է Արցախի ԱԺ նախագահ՝ Արթուր Թովմասեանը:

Ողջոյնի խօսքին մէջ ՀՀ ԱԺ նախագահը կարեւորած է նոր պաշտօնի ծիրէն ներս Արցախի իր պաշտօնակցին հետ առաջին պաշտօնական հանդիպումը կայացնելու փաստը: Ալեն Սիմոնեան նշած է, որ հայկական զոյգ պետութիւններու միջեւ միասնականութիւնը հիմնարար արժէք է, որու պահպանումը պէտք է միշտ տեղ գտնէ պետական եւ հանրային ռազմավարական ծրագիրներուն մէջ:

ՀՀ ԱԺ նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ երկու խորհրդարանները կը շարունակեն արդիւնաւէտ համագործակցիլ, ինչպէս նաեւ, անհրաժեշտութեան պարագային, կը վերանայուին փոխգործակցութեան նախկին պայմանաւորուածութիւնները:

Արթուր Թովմասեան ի  պատասխան՝ շնորհաւորած է Ալեն Սիմոնեանը ՀՀ ԱԺ նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ: Թովմասեան նշած է, որ կը հետեւի ՀՀ ԱԺ աշխատանքներուն եւ զարմացած չէ տեղի ունեցող գործընթացներէն, թէեւ շատ երեւոյթներ խորթ են մեր մշակոյթին: Արցախի ԱԺ նախագահը շեշտադրած է  ներկայ բարդ ժամանակաշրջանի առանձնայատկութիւններն ու անոնց հետ պայմանաւորուած նոր իրողութիւնները ի յայտ գալու փաստը: Թովմասեան նաեւ նշանակալի համարած խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment