Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Կոչ Կ’ընէ Հայաստանին «Զերծ Մնալու Յարձակողական Հռետորաբանութենէն» Ու Իրագործելու Ստանձնած Պարտաւորութիւնները

Թուրքիան Կոչ Կ’ընէ Հայաստանին «Զերծ Մնալու Յարձակողական Հռետորաբանութենէն» Ու Իրագործելու Ստանձնած Պարտաւորութիւնները

by MassisPost

Յայտարարութիւնը հնչած է երէկ՝ Օգոստոս 5-ին Անգարայի մէջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստէ յետոյ, որ անցած է նախագահ Ռէճէպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ:

Ըստ տեղական լրատուամիջոցներուն, դռնփակ հանդիպումը շարունակուած է աւելի քան երեք ու կէս ժամ, աւարտին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը վեց կէտնոց յայտարարութիւն տարածած է, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի պաշտօնական Երեւանին:

«Հայաստանը պէտք է զերծ մնայ յարձակողական հռետորաբանութենէ ու քայլերէ եւ օգտագործէ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու հնարաւորութիւնը, որ ստեղծուած է Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական դադարէն յետոյ», – յայտարարած է պաշտօնական Անգարան:

Բացի այդ, Թուրքիան նաեւ կոչ ըրած է Հայաստանին զարգացնելու համագործակցութիւնը տարածաշրջանի երկիրներուն հետ` հաւատարիմ մնալով ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

Յայտարարութիւնը չի յստակեցներ, թէ ո՞ր պարտաւորութիւններուն մասին է խօսքը եւ արդեօք տարածաշրջանի երկիրներու հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու շրջածիրէն ներս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը դիտարկուի:

Աւելի վաղ` այս տարեսկիզբին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն խօսած էր Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, մասնաւորապէս` հաղորդակցութեան ուղիներու, Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան ճանապարհը բանալու մասին, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ Թուրքիոյ ուղիղ կապ հաստատել Ատրպէյճանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment