Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանական Կողմը Կրակ Բացած Է Երասխի Հատուածի Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական Կողմը Կրակ Բացած Է Երասխի Հատուածի Դիրքերուն Ուղղութեամբ

by MassisPost

Ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները այսօր՝ Օգոստոս 6-ին, ժամը 12:10-ի սահմաններուն, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով նաեւ հրդեհ առած է միջդիրքային հատուածի խոտածածկոյթը, յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմը կ’իրագործէ հակազդման եւ հակառակորդի կրակը լռեցնելու գործողութիւններ։

Աւելի ուշ նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ կայունացած է:

Հայկական ռազմական գերատեսչութիւնը յայտնած է, որ հակառակորդի կրակահերթերէն միջդիրքային տարածքին վրայ բռնկուած հրդեհը մարած է։

Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment