Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկու Արծաթէ Մետալ Հայաստանին. Արթուր Ալեքսանեանն Ու Սիմոն Մարտիրոսեան Ողիմպիական Ախոյեաններ

Երկու Արծաթէ Մետալ Հայաստանին. Արթուր Ալեքսանեանն Ու Սիմոն Մարտիրոսեան Ողիմպիական Ախոյեաններ

by MassisPost

Թոքիօ 2020-ի Ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի համար ամենասպասուած՝ 11-րդ օրը Հայաստանի հաւաքականէն Ողիմպիական ոսկիի յաւակնող երկու մարզիկները՝ ըմբշամարտիկ՝ Արթուր Ալեքսանեանն ու ծանրամարտիկ՝ Սիմոն Մարտիրոսեանը, ամենաբարձր արդիւնքին չկրցան հասնիլ ու բաւարարուեցան արծաթէ մետալներով։

Ռիոյի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 97 քիլոկրամ քաշային յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ՝ Արթուր Ալեքսանեան եզրափակիչին 5:1 հաշիւով զիջեցաւ Ռուսաստանի Ողիմպիական կոմիտէն ներկայացնող՝ Մուսա Եվլոեւին: Արծաթէ մետալի արժանացած Ալեքսանեանը վնասուածքով կը մասնակցէր վճռորոշ գօտեմարտին։

Հայաստանի հաւաքականի ոսկիի համար պայքարի միւս յաւակնորդը՝ 109 քիլոկրամ քաշային Սիմոն Մարտիրոսեանը երկամարտի 423 քիլոկրամով երկրորդ տեղն էր։ Ոսկէ մետալ նուաճող Ուզպեքիստանը ներկայացնող Աքպար Ճուրաեւը Մարտիրոսեանը գերազանցեց 7 քիլոկրամով։

alexanyan

63 քիլոկրամ քաշային կարգին բռնցքամարտիկ՝ Յովհաննէս Բաչկովը քառորդ եզրափակիչին ընդհանուր 5:0 հաշիւով վստահ յաղթանակի հասաւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ՝ Էլնուր Ապտուրայիմովի հետ մենամարտին՝ անցնելով կիսաեզրափակիչ։ Հայ մարզիկը առնուազն պրոնզէ մետալ ապահովեց, իսկ երեք օր ետք Միացեալ Նահանգները ներկայացնող՝ Քիյշուան Տեւիսի հետ կայանալիք մենամարտին կը փորձէ յաւակնիլ ոսկէ մետալին։

Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն այսօր առաջինը պայքարի մէջ մտաւ հեռացատկորդ Լեւոն Աղասեան, ան արձանագրեց 16.42 մեթր, որ բաւարար չէր եզրափակիչ անցնելու համար, Աղասեան աւարտեց ելոյթները Թոքիօ 2020-ին։

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ՝ Կարէն Ասլանեան իր առաջին գօտեմարտին յաղթանակի հասաւ, սակայն քառորդ եզրափակիչին պարտուեցաւ Եգիպտոսը ներկայացնող Մուհամէտ Իպրահիմ Ալ Սայիտէն։ Հայ մասնագէտները կը պնդեն, որ Ասլանեան պարտութիւն կրեց մրցավարական սխալի պատճառով։

Hovhannes-Bachkov-Uzbekistan

Ըմբշամարտիկ՝ Կարապետ Չալեան պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտին զիջեցաւ Ատրպէյճանը ներկայացնող մարզիկին։

Հայաստանի առաջին Ողիմպիական մետալը երէկ յենացատկին մէջ նուաճեց մարմնամարզիկ՝ Արթուր Դաւթեանը, ան երրորդն էր։

Թոքիօ Ողիմպիական խաղերուն Հայաստան այժմ ունի երկու արծաթեայ եւ մէկ պրոնզեայ մետալներ։ Այս ցուցանիշով ընդհանուր ցուցակին 58-րդն է։ Մետալներու հաշուարկով այս պահուն լաւագոյնը Չինաստանի հաւաքականն է, երկրորդը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, իսկ երրորդը հիւրընկալող Ճափոնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment