Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսա Հայաստանին Նուիրած Է 200 Հազար Չափաբաժին Պատուաստ

Ֆրանսա Հայաստանին Նուիրած Է 200 Հազար Չափաբաժին Պատուաստ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմաննուէլ Մաքրոնի հետ, յայտնած է վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահը Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորելով վարչապետի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ՝ յայտնած է Հայաստանին 200 հազար չափաբաժին պատուաստ տրամադրելու որոշման մասին:
«ՀՀ վարչապետը տեղեկատուութիւն է տրամադրել Ատրպէյճանի կողմից սահմանային վերջին սադրանքների, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութեան վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ դրանց նպատակն է ապակայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանում», – ըսուած է Հայաստանի կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Փաշինեան անթոյլատրելի համարած է հայ գերիներու նկատմամբ Ատրպէյճան տեղի ունեցող շինծու դատավարութիւնները:
Մաքրոնը յոյժ կարեւորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծումն ու սահմանազատումը: Համաձայնելով այս մտքին՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանազատումն ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը որեւէ կերպ խաչաձեւուող գործընթացներ չեն: Ան կրկնած է սահմանի երկայնքով ՀԱՊԿ դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու, կամ նման որոշման անհնարինութեան պարագային՝ որպէս այլընտրանք, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու դիտորդական առաքելութեան տեղակայման առաջարկութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու հետեւողական ջանքեր գործադրել տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Հայաստանի վարչապետը համոզմունք յայտնած է, որ տարածաշրջանային համաթեքսթ ունեցող նախաձեռնութիւններն ու քայլերը կրնան յաջողութեան հասնիլ, եթէ անոնք արժանանան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի բոլոր համանախագահող երկիրներու հաւանութեան: Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ողջունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու՝ Նոյեմբեր 9-ին յաջորդած յայտարարութիւնները, անոնց կարգին՝ բանակցային գործընթացը վերականգնելու ուղղութեամբ եւ պատրաստ է լիարժէք ներգրաւուիլ բանակցային գործընթացին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment