Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմինի Յայտարարութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Առաջին Տարելիցին Առթիւ

ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմինի Յայտարարութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Առաջին Տարելիցին Առթիւ

by MassisPost

4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութը արդէն ամբողջ տարի մը առաջ էր: Ճիշդ 12 ամիս առաջ, մայրաքաղաքի մեծամասնութիւնը՝ ներառեալ հայաշատ թաղամասերը, իրենց հետ ունենալով արուարձաններն ու մօտակայ բնակավայրերը, ականատես դարձան ոչ միայն Լիբանանի, այլ մարդու պատմութեան մեծագոյն պայթումներէն մէկուն: Ահաւոր միջադէպի անմիջական եւ մօտիկ ականատեսները մինչեւ օրս կ’ապրին տեղի ունեցածին հոգեբանական աղէտը: Ոչ ոք կրնար նախօրօք պատկերացնել, թէ անցեալ տարուան Օգոստոս 4-ը պիտի դառնար Լիբանանի հերթական անկիւնադարձը՝ դէպի աւելի վատն ու բարդը:

Լիբանանցիները 4 Օգոստոս 2020-ին ոչ միայն կորսնցուցին իրենց սիրելիները, իրենց ապահով երդիքն ու նիւթական ունեցուածքը, այլեւ խինդը, մարդու տարրական իրաւունքներով ապրելու եւ արարելու լաւատեսութիւնը:

Աղէտէն անմասն չմնացին ու անոր հետեւանքները մինչեւ օրս կրողներու շարքին են լիբանանահայերը ընդհանրապէս եւ պէյրութահայերը՝ մասնաւորապէս: Ամբողջ գաղութ մը հասաւ իրարայաջորդ սերունդներու ջանքերով ծաղկած թաղամասերու կործանումի եզրին: Միայն միասնական ու համահայկական ջանքերով փրկուեցաւ այն՝ ինչ կարելի էր փրկել:

Պէյրութը պատուհասած այս արհաւիրքէն ամբողջ տարի մը ետք ոչ միայն չէ բուժուած վէրքը, չէ ամոքուած ցաւն ու վիշտը, այլ ընդհակառակն, այսօր, տարի մը ետք, Պէյրութը վերստին կ’ողբայ, սակայն այս անգամ ոչ թէ իսկական պայթումին հետեւանքով, այլ՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան բացակայութեան հետեւանքով: Մեր վիշտը գուցէ ցնցած է սարեր, սակայն ոչ անոնց, որոնք կը գերադասեն իրենց անձնական ու հատուածական շահերն ու հաշիւները, որոնք պալատներու մէջ բազմած, գէթ զոհերուն համար արդարութիւն հաստատելու փոխարէն զբաղած են սեփական ճակատամարտ մղելով, ոտնակոխելով լիբանանցիին ու պէյրութցիին արժանապատուութիւնը, աւելի քան երկու հարիւր նահատակի արիւնը:

Տարի մը անցած է Պէյրութի նաւահանգիստի անարգ ոճիրէն ու ոչ միայն չէ իրագործուած “ընդամէնը օրերու ընթացքին քննչական արդիւնքներու հասնելու” խոստումը, այլ անոր վրայ աւելցած է շուրջ 360 օր, բայց տակաւին չկայ շօշափելի տեղեկութիւն պայթումի ծալքերուն մասին: Ինչպէս պայթումի ականատեսներուն ու վերապրողներուն, այնպէս ալ սովորական լիբանանցիներուն համար բացարձակապէս անտրամաբանական, անըմբռնելի եւ անընդունելի է տեղի ունեցածին ծալքերուն քօղարկումը: Ի՞նչպէս կարելի է պատկերացնել քաղաքակրթուած ու զարգացած 21-րդ դարու իշխանութիւն մը, որ իր բոլոր լծակներով հանդերձ կարողութիւն չունի գաղտնազերծելու կամ առնուազն հունի վրայ դնելու իր մայրաքաղաքի կեդրոնին տեղի ունեցած նման աննախադէպ պայթումի մը քօղազերծումը: Այս իրողութիւնը կը յառաջացնէ ինչպէս հիասթափութիւն, վրդովմունք եւ դատապարտում, այնպէս ալ յաւելեալ մտահոգիչ հարցադրումներ, թէ ո՞վ է հետաքննութիւնը խոչընդոտողը եւ ի՞նչ նպատակով: Ո՞վ էր քիմիական դիւրավառ նիւթը նաւահանգիստ բերել պատուիրողն ու այնտեղ կուտակողը: Ո՞վ էր այս գործունէութիւնը անտեսողը, արհամարհողն ու քաջալերողը: Որո՞ւ կը պատկանէր պայթիւնավտանգ քիմիական նիւթը եւ ի՞նչ նպատակի կը ծառայէր: Անպատասխան մնացած հարցադրումներու շարքին է տեղի ունեցածը հրահրողին ինքնութիւնն ու պայթումին կայծը, որոնք եւս ցարդ անյայտ են, ինչպէս նաեւ հետաքննութիւնը խոչընդոտելու փորձերը՝ մերթ դատախազ փոխելով, մերթ անոր իրաւասութիւնները հանգուցելով ու մերթ անոր պահանջները մասնակի եւ ընտրովի կատարելով:

Ի տես այս անընդունելի ու ապակառուցողական կացութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը պատկան մարմիններէն եւ առնչակից կողմերէն կը պահանջէ.

ա) Իսկոյն վերջ տալ հետաքննութիւնը խոչընդոտող միջամտութիւններուն:

բ) Դիւրացնել աւագ քննիչ դատախազ Թարէք Պիթարի աշխատանքը՝ առաջին հերթին վերացնելով կասկածներու ենթակայ գործող ու նախկին պաշտօնատարներու անձեռնմխելիութիւնը, ինչ ալ ըլլայ անոնց դիրքը:

գ) Անյապաղ տալ ապահովական եւ այլ կառոյցներու ղեկավարները հարցաքննելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային դատականօրէն հետապնդելու անհրաժեշտ քաղաքական ու նախարարական արտօնութիւնները:

դ) Պետական ու քաղաքական մակարդակով աջակցիլ դատախազին քաջալերելի աշխատանքին:

ե) Հրաժարիլ աւելի քան երկու հարիւր նահատակի իրաւունքները յափշտակելու երեւոյթէն:

Ս.Դ.Հ.Կ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը կը զգուշացնէ, թէ այս մահացու եւ նուաստացուցիչ անտարբերութիւնը հաւասարազօր է գերագոյն դաւաճանութեան: Որեւէ քաղաքակրթուած հաւաքականութեան մէջ կարելի չէ անպատիժ ձգել նման ոճիրի մը յանցագործները, որովհետեւ այդ կրնայ ունենալ անկանխատեսելի հետեւանքներ, ինչպէս պատահեցաւ Խալտէի մէջ տակաւին քանի մը օր առաջ: Ընկերային արդարութեան եւ դատական համակարգին նկատմամբ վստահութեան վերականգնումը պարզապէս հրամայական է, առանց որու իրագործումին հնարաւոր պիտի չըլլայ փրկել նոյնիսկ այն՝ ինչ մնացած է Լիբանանի երբեմնի փառքէն:

Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
 ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
3 Օգոստոս 2021

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment