Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Պայտընի Առաջին Վեց Ամիսները

Նախագահ Պայտընի Առաջին Վեց Ամիսները

by MassisPost

Այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն բոլորեց իր պաշտօնավարման առաջին վեց ամիսները, որոնք յատկանշուեցան բազմաթիւ յաջողութիւններով, սակայն օրէնսդրական կարեւոր ծրագիրներ կը մնան Գոնկրէսէն ներս սակարկութիւններու առարկայ:

Պայտընի  վարչակազմի առաջնահերթութիւնը եղաւ համավարակի   առողջապահական, ընկերային ու տնտեսական հետեւանքներու մեղմացումը ու յաղթահարումը: Այս ուղղութեամբ կարելի եղաւ հասնիլ բաւական մեծ յաջողութիւններու: Քորոնա ժահրի դէմ պատուաստումի արշաւը ընթացաւ բաւական սահուն ու ժողովուրդի մօտ 50 տոկոսը՝ աւելի քան 150 միլիոն ամերիկացիներ պաշտպանուեցան փոխանցիկ հիւանդութեան դէմ:

Դեմոկրատ օրէնսդիրները, առանց Հանրապետականներու մասնակցութեան, կարողացան վաւերացնել 1,9 թրիլիոն տոլարի «Ամերիկայի փրկութեան նախագիծ»ը, որուն շնորհիւ միլիոնաւոր քաղաքացիներ ստացան 1400 տոլար գումար, անգործութեան սովորական նպաստներուն վրայ տրամադրուեցան 300 տոլար շաբաթական յաւելեալ գումար, իսկ վերջերս ի զօրու դարձաւ իւրաքանչիւր երեխայի համար ամսական 300 տոլարի նպաստը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ տարեվերջ: Տնտեսութեան խթանման բազմաթիւ այլ ծրագիրներու շնորհիւ երկիրը կարողացաւ արագօրէն դուրս գալ 2020-ի տագնապներէն:

Ներկայիս նախագահ Պայտընի օրակարգին վրայ գլխաւոր հարցը ենթակառոյցներու օրինագիծն է, որուն ընդունումը առիթ պիտի տայ ճանապարհներու, մայրուղիներու, կամուրջներու եւ  կապի այլ միջոցներու վերանորոգումը, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը ձգձգուին Հանրապետականներու եւ Դեմոկրատներու միջեւ ֆինանսաւորման շուրջ տարակարծութիւններուն պատճառաւ:

Պայտըն կը շարունակէ դիմագրաւել ներքին բազմաթիւ այլ մարտահրաւէրներ, որոնք եւս կը սպասեն լուծումներու: Անոնց շարքին են Մեքսիքայի հետ սահմանի վրայով հարիւր հազարաւոր գաղթականերու ապօրէն մուտքը Միացեալ Նահանգներ, անհատական զէնքերու տարածումը կանխող օրէնքներու բացակայութիւնը, ցեղային խտրականութեան յառաջացուցած տագնապները, որոնք կը մնան ժողովուրդը յուզող կարեւոր հարցեր:

Արտաքին ճակատի վրայ Պայտըն յաջողեցաւ վերականգնել Եւրոպայի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները, որոնք սկսած էին խարխլիլ նախորդ վարչակազմի օրօք: Պայտըն վերջերս Ժընեւի մէջ հանդիպում ունենալով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ փորձեց նոր էջ մը բանալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ:

Պայտըն որոշում կայացուց մինչեւ Սեպտեմբեր Ամերիկեան բոլոր զօրքերը Աֆղանիստանէն  դուրս բերելու կապակցութեամբ: Նոյնը կը սպասուի նաեւ Իրաքի պարագային: Այս երկու քայլերը քաղաքական շրջանակներուն համար աշխարահաքաղաքական նահանջ նկատուելով հանդերձ, Ամերիկացի ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ կ՛արժանանան դրական վերաբերմունքի:

Նախագահ Պայտըն ունի շատ «փոքր պատուհան» մը նախընտրական խոստումները կեանքի կոչելու եւ պատմութեան մէջ իր տեղը ապահովելու համար: 2022-ի Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան կիսաշրջանի գոնկրէսական ընտրութիւնները: Պատմականօրէն, իշխանութեան վրայ եղող կուսակցութիւնը կը կորսնցնէ այդ ընտրութիւններուն: Հետեւաբար, Ներկայացուցիչներու Տունը կամ Ծերակոյտը Հանրապետականներուն ձեռքը անցնելու պարագային, նախագահ Պայտընի համար գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ որեւէ այլ օրէնսդրական յաջողութիւններու հասնիլ, մանաւանդ որ այդ թուականէն ետք երկիրը պիտի թեւակոխէ նախագահական յաջորդ ընտրութիւններու արշաւի ժամանակաշրջանը:

Թէեւ քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային գրեթէ բոլոր հարցերու շուրջ Ամերիկացի ժողովուրդը կը մնայ բաժնուած երկու մասի, սակայն Ճօ Պայտընի վարկանիշը կը մնայ կայուն՝ միջինը 53 տոկոս, ինչ որ  կը նկատուի բաւական բարձրª նախագահներու պաշտօնավարման այս հանգրուանին համար: Այս մէկը յոյս կը ներշնչէ Սպիտակ Տան, որ 2022-ին պիտի կարողանան խուսափիլ իրենց նախորդներու ճակատագիրէն՝   շարունակելու համար նախագահ Ճօ Պայտընի նախընտրական խոստումներու իրագործումը:

«ՄԱՍԻՍ »

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment