Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Երեւան Կը Հակադարձէ Պաքուին Ատրպէյճան Կը Խոչընդոտէ Եռակողմ Յայտարարութիւններու Իրագործումը

Երեւան Կը Հակադարձէ Պաքուին Ատրպէյճան Կը Խոչընդոտէ Եռակողմ Յայտարարութիւններու Իրագործումը

by MassisPost

«2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021-ի Յունուար 11-ի՝ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափով ընդունուած յայտարարութիւնների ամբողջական կատարմանը խոչընդոտում է ոչ թէ Հայաստանը, այլ՝ Ատրպէյճանը», «Արմէնփրէս»-ի հարցման ի պատասխան, յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն՝ հակադարձելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովի յայտարարութեան։

Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին,  Պայրամով Հայաստանը մեղադրած է Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իրագործումը խոչընդոտելու մէջ։

«Եռակողմ յայտարարութիւնների իրականացումը դիտարկելիս պէտք է առաջնորդուել յստակ փաստերով եւ ոչ թէ այդ յայտարարութիւնների իւրովի մեկնաբանմամբ։ Իսկ փաստերը հետեւեալն են. յայտարարութեան ստորագրումից մէկ ամիս յետոյ ատրպէյճանական զօրամիաւորումները խախտել են յայտարարութեան 1-ին կէտը, որի համաձայն կողմերը պէտք է մնային իրենց դիրքերում, եւ յարձակում են սկսել Արցախի Հադրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերի ուղղութեամբ, ինչի արդիւնքում զաւթել են այդ բնակավայրերը, սպանել եւ գերեվարել հայ զինծառայողներին», -յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Պաշտօնական Երեւանը ընդգծած է, որ ի տարբերութիւն Հայաստանին՝ Ատրպէյճանը չէ կատարած Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 8-րդ կէտը, որու համաձայն տեղի պէտք է ունենար ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու փոխանակումը։ Աւելին, հայ ռազմագերիները կ’ենթարկուին քրէական հետապնդման, որ նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է, ըսուած է յայտարարութեամբ։

«Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Մայիսի 12-ից սկսած ներթափանցել են եւ շարունակում են գտնուել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքում։ Հարկ է նշել, որ ատրպէյճանական զօրամիաւորումները ներթափանցել են Հայաստանի Հանրապետութիւն այն տարածքներից, որի հանդէպ Ատրպէյճանը վերահսկողութիւն է հաստատել Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան իրականացման հետեւանքով։ Այսինքն՝ յայտարարութիւնն իրականացնելու հայկական կողմի կառուցողական մօտեցմանը Ատրպէյճանը հակադրել է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ ոտնձգութիւն իրականացնելու՝ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը խաթարելու քաղաքականութիւն։ Այն փաստը, որ ատրպէյճանական զօրամիաւորումները գտնւում են Հայաստանի տարածքում, ըստ էութեան, ընդունել է Ատրպէյճանի նախագահը՝ նշելով, որ «Զանգեզուրը մեր նախնիների հողն է»։ Վերջին շրջանում Ատրպէյճանը հանդէս է գալիս Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային միաւոր լինելու ժխտման յայտարարութիւններով, ինչն իր հերթին խախտում է յայտարարութեան 7-րդ կէտը, որտեղ կողմերը, այդ թւում՝ Ատրպէյճանը համաձայնուել է «Լեռնային Ղարաբաղի տարածք» եզրոյթին», – յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը շեշտած է,- «Ցաւօք, Հայաստանի նման կառուցողական մօտեցումը ատրպէյճանական կողմը հանրային պաշտօնական յայտարարութիւններով հետեւողականօրէն շահարկել եւ փորձել է շրջանառութեան մէջ դնել «միջանցքի բացման» գաղափարը, ինչն անընդունելի է եւ ամբողջովին աղաւաղում է եռակողմ յայտարարութիւնների բովանդակութիւնը եւ նպատակը: Յատկանշական է, որ այս շահարկումներին զուգընթաց Ատրպէյճանը մի կողմից տարածքային եւ պատմական կեղծ պահանջներ է առաջադրել Հայաստանին, իսկ միւս կողմից՝ ատրպէյճանական զօրամիաւորումները ներթափանցել են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։ Ինչ վերաբերում է այն մեղադրանքներին, որ Հայաստանը չի օգնում Ատրպէյճանին ականազերծել հակամարտութեան գօտու տարածքները, ապա պէտք է ընդգծել, որ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը չի պարունակում ականազերծման ուղղութեամբ կողմերի միջեւ համագործակցութեան որեւէ դրոյթ»։

Յիշեցնելով, որ Ատրպէյճանը աւանդապէս հանդէս եկած է այս ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի հետ որեւէ համագործակցութեան հնարաւորութեան դէմ՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ 2017-ին Ատրպէյճանի ջանքերով փակուած է ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակը այն հիմնաւորմամբ, որ ԵԱՀԿ-ի այդ կառոյցը կը զբաղէր մարդասիրական ականազերծման ծրագիրով։

«Չունենալով ականազերծման ուղղութեամբ համագործակցելու որեւէ յանձնառութիւն՝ հայկական կողմը, այնուհանդերձ, երրորդ կողմերի միջոցով տեղեկութիւններ է տրամադրել Ատրպէյճանին՝ որպէս բարի կամքի դրսեւորում», – յայտարարած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու հայրենադարձման գործընթացի ամբողջական աւարտը կրնայ կառուցողական միջավայր ստեղծել Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան հետեւողական իրագործման մասով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment