Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Ստորաբաժանումները Ետ Շպրտուած Են, Հայկական Կողմը Ունի Երեք Զոհ, Եւ Չորս Վիրաւոր

Ատրպէյճանական Ստորաբաժանումները Ետ Շպրտուած Են, Հայկական Կողմը Ունի Երեք Զոհ, Եւ Չորս Վիրաւոր

by MassisPost

Ատրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները 28 Յուլիսին ժամը 03:40-ի սահմաններուն հերթական անգամ դիմած են սադրանքի եւ խախտած հրադադարը հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին, ընթացած են տեղային մարտեր: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ատրպէյճանի նախաձեռնած յարձակումէն ետք ծաւալած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով, ժամը 08։30-ի դրութեամբ, հայկական կողմը ունի երեք զոհ, եւս չորս զինծառայող վիրաւոր են։

Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, ժամը 09։20-ի դրութեամբ, տալով կորուստներ, ետ շպրտուած են   դէպի իրենց  դիրքերը։

Շփման Գծի Փոփոխութիւն Տեղի Չէ Ունեցած
Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գծին հրադադարի ռեժիմը վերականգնելու վերաբերեալ։ Այս պահուն, նշուած պայմանաւորուածութիւնը հիմնականին կը կատարուի, հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Ատրպէյճանական սադրանքի արդիւնքում սկսուած մարտական գործողութիւնների ընթացքում երկուստեք կիրառուել են հրաձգային զինատեսակներ եւ ականանետեր։ Ընդ որում, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումների կողմից ականանետային կրակ է բացուել ի պատասխան հակառակորդի կողմից ականանետերի կիրառման», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան հաւաստմամբ՝ շփման գծի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, սահմանային իրադրութիւնը կը գտնուի ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, հաղորդած էր, որ Պաքուն ընդունած է հրադադարի՝ ռուսական կողմի առաջարկը, մեղադրած հայկական կողմին հրադադարը չպահպանելու մէջ ու պնդած, որ հայկական կողմը թանկեր ու ականանետեր կը կիրառէ։

Մարտական գործողութիւնները հայ – ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան՝ Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժա հատուածին մէջ սկսած են գիշերը եւ շարունակուած այսօր առաւօտեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment