Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանին Տիրող Իրավիճակին Կապակցութեամբ Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ է

Սահմանին Տիրող Իրավիճակին Կապակցութեամբ Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ է

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները մտահոգ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքով արձանագրուող միջադէպերով, յատկապէս՝ Երասխ/Սադարակ հատուածի վերջին դէպքերով:

«Մենք երկու կողմին կոչ կ’ընենք արագ եւ խաղաղ կերպով թուլացնելու լարուածութիւնը եւ առարկայական բանակցութիւններու վերսկսման տիրոյթ ստեղծելու», – ըսուած է Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ:

Յուլիս 19-էն կրկին լարուած է իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանի՝ Նախիջեւանի հատուածին մէջ: Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ գիշերը մինչեւ ժամը 2-ը ատրպէյճանական զինուժը շարունակած է հրաձգային զինատեսակներէն, արդէն առանց ականանետերու կիրառման, գնդակոծել հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերը:

Փոխհրաձգութեան հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է Երասխի գիւղապետ Ռատիկ Օղիկեան:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդմամբ` փոխհրաձգութեան հետեւանքով ատրպէյճանցի զինծառայող վիրաւորուած է: Հայկական ու ատրպէյճանական կողմերը զիրար կը մեղադրեն իրավիճակի լարման համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment