Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ստորագրած է որոշում ցեղասպանութիւններու հետազօտական հիմնարկ ստեղծելու մասին: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հիմնարկը պիտի գործէ Պոլսոյ համալսարանին կից եւ պիտի կոչուի «Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու միջազգային հիմնարկ»:
Էրտողանի կողմէ Յուլիս 14-ին ստորագրուած որոշումը տեղադրուած է պաշտօնական որոշումներու ու կարգադրութիւններու հրապարակման Resmi Gazete կայքը: