Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժամանակի Վատնում` Սահմանադրական Դատարանէն Ներս

Ժամանակի Վատնում` Սահմանադրական Դատարանէն Ներս

by MassisPost

Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանէն ներս օրերէ ի վեր կը շարունակուին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներու բողոքարկման քննութիւնները: Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը եւ երկու այլ ուժեր բարձր դատարանէն կը պահանջեն ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր հռչակել, քուէարկութեան երկրորդ փուլ նշանակել եւ կամ մանտաթներու նոր բաշխում կատարել՝ յաղթող կողմին տալով խորհրդարանի աթոռներու 3/5-րդը, ներկայիս մօտ 2/3-րդի փոխարէն:

Առաջին պահանջը եթէ որոշ չափով հասկնալի է, ապա միւս երկուքի պարագային կան ընտրական օրէնքներու յստակ կէտեր, որոնք կը սահմանեն երկրորդ փուլ նշանակելու եւ մանտաթներ բաշխելու սկզբունքները, որոնք կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել կողմերէն մէկու քմահաճոյքին ենթարկուելով:

Ինչ կը վերաբերի բողոքարկող կողմի ներկայացուցած փաստարկներուն, առաջին վայրկեանէն իսկ յայտնի դարձաւ որ, բոլոր նշուած կէտերը հիմնուած են ենթադրութիւններու եւ շահարկումներու վրայ, որոնք կապ չունի իսկական ընտրական խախտումներու հետ:

Անոնց գանգատները ընդհանրապէս կը վերաբերէին Նիկոլ Փաշինեանի քարոզարշաւի ընթացքին ունեցած ելոյթներուն, մոռնալով որ վարչապետը պարզապէս կը հակադարձեր հակառակորդներու կողմէ հնչող հայհոյախառն սպառնալիքներուն: Նաեւ կը բողոքեն թէ Փաշինեան իրաւունք չունէր հրաժարելէ ետք շարունակել մնալ որպէս վարչապետի պաշտօնակատար ու նման հարցեր, հակառակ որ անոր նախընթացը հաստատուած էր Սերժ Սարգսեանի հրաժարումէն ետք:

Ամենէն ծիծաղելի բողոքներէն մէկը այն է թէ, քարոզարշաւի ընթացքին վարչապետին ընկերակցած են մեծ թիւով ոստիկաններ եւ ապահովութեան ուժեր: Փաշինեանին պէտք էր մեղադրել եթէ նման զգուշաւորութիւն չցուցաբերեր եւ ոչ թէ հակառակը: Դիմացի կողմը ընդունակ է ամէն տեսակի դաւադրութեան, մանաւանդ որ անոնց շարքերուն մէջ են Հայոց անկախ պետականութեան մեծագոյն հարուածը հասցուցած՝ Հոկտեմբեր 27-ի սպանդի կազմակերպիչները ու վերջին ամիսներուն վարչապետի կեանքին հրապարակային սպառնալիքներ հնչեցնողները:

Ընդդիմադրութեան ներկայացուցած բողոքներու մէջ չկան ընտրական տեղամասերէն ներս իրենց կողմէ նշանակուած վստահուած անձերու կողմէ վկայութիւններ՝ խախտումներու մասին, կը բացակային ընտրողներու վրայ ճնշում բանեցնելու օրինակներ, չկան քուէներու հաշուարկի մասին բողոքներ, չկան լցոնումներու մասին եւ կամ քուէատուփերը փոխելու մասին մեղադրանքներ ու չկան իսկական որեւէ փաստեր, որոնք կրնան ազդած ըլլալ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:

Տարիներ շարունակ ընտրական զեղծարարութիւնները կատարելագործումին հասցուցած ուժերը ու անոնց ներկայացուցիչները եկած են ու Սահմանադրական Դատարանի առջեւ կը խօսին ժողովրդավարութեան, ազատ ու արդար ընտրութիւններու եւ այլ բարձր արժէքներու մասին: Կը բողոքեն ընտրական օրէնքներու թերութիւններուն մասին մարդիկ, որոնք իրենք գրած են այդ օրէնքները:

Ամփոփելով, կարելի է ըսել որ, Սահմանադրական Դատարանէն ներս տեղի ունեցող գործընթացը ժամանակի իսկական վատնում է եւ օր առաջ պէտք է վերջ տրուի այդ զաւեշտութեան, որպէսզի նորակազմ խորհրդարանը անցնի գործի, ընտրուի երկրի վարչապետ ու սկսի աշխատանքըª դիմագրաւելու Հայաստանի առջեւ ծառացած բազում ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment