Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պրատ Շերմընն ու Սամանթա Փաուըրը Քննարկած Են Արցախէն Տեղահանուածներուն Օգնութիւն Տրամադրելու Հարցը

Պրատ Շերմընն ու Սամանթա Փաուըրը Քննարկած Են Արցախէն Տեղահանուածներուն Օգնութիւն Տրամադրելու Հարցը

by MassisPost

ԱՄՆ-ի քոնկրէսական՝ Պրատ Շերմըն ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) տնօրէն, դեսպան՝ Սամանթա Փաուըրին հարց ուղղած է, ցանկալով տեղեկանալ, արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը մտադի՞ր է Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններու ու յարձակումի հետեւանքով Արցախէն տեղահանուած աւելի քան 100 հազար հայերուն օգնելու նպատակով 5 միլիոն տոլար գումարէն բացի օգնութիւն տրամադրել:

«Անդրադառնալով Կովկասեան տարածաշրջանին՝ ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլենքըն խոստացած էր համագործակցիլ մեզի հետ՝ աջակցելու 100 հազար հայերուն, որոնք տեղահանուած էին Ատրպէյճանի յարձակումի հետեւանքով: ԱՄՆ-ը 5 միլիոն տոլար կամ անկէ քիչ օգնութիւն տրամադրած է հայերուն: Մտադի՞ր էք աւելի շատ օգնութիւն յատկացնել»,- հարց ուղղած է Պրատ Շերմըն:

Սամանթա Փաուըր նշած է, որ կը զբաղին տեղահանուածներու խնդիրով: Դեսպանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է համագործակցելու այս հարցով, որու համար լրջօրէն մտահոգուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment