Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Չարչեան կը Մնայ Կալանաւորուած. Դատարանը Հրապարակեց Որոշումը

Չարչեան կը Մնայ Կալանաւորուած. Դատարանը Հրապարակեց Որոշումը

by MassisPost

«Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն՝ Արմէն Չարչեանի նկատմամբ խափանման միջոց կալանքը կը մնայ անփոփոխ: Վերաքննիչ դատարանը այսօր՝ Յուլիս 8-ին հրապարակեց խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորման դէմ որոշումը:

Անոր պաշտպանները դիմած էին վերաքննիչ՝ խնդրելով բեկանել կալանաւորման վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի երկու շաբաթ առաջ կայացուցած որոշումը։

«Վերքննիչ քրէական դատարանը, Լուսինէ Աբգարեանի նախագահութեամբ, մերժեց մեր կողմից ներկայացուած վերաքննիչ բողոքը։ Մերժեց՝ բաւականին դողդողացող ձայնով։ Ամէն ինչ ընկալելի է, հասկանալի է, բայց իրաւաչափ չէ։ Բոլոր առումներով կարելի է այս ամէն ինչը հասկանալ՝ ճնշումներ, դատաւորների նկատմամբ նոր որակի մօտեցումներ, բայց դրանցից իւրաքանչիւրը կապ չունի իրաւունքի հետ։ Մենք եկել էինք վերաքննիչ դատարան՝ արդարադատութեան առիթով», – լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսաւ փաստաբան՝ Արամ Վարդեւանեան՝ ընդգծելով․ – «Ցաւօք սրտի, ունեցանք հերթական անգամ քաղաքական հետապնդման յարձակման դրսեւորման դէպքով կալանաւորման    դէպքի շահագործումը։ Ես ցաւում եմ դրա համար, միւս կողմից էլ ինչքան էլ ճնշումները կատարեն, ապօրինութիւնները շարունակուեն, վստահ եղէք, Արմէն Չարչեանը լինելու է ազատութեան մէջ, դրանում երկրորդ կարծիք չկայ։ Կարճ ժամանակ անց կը հանդիպենք Առաջին ատեանի դատարանում»։

«Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէնի փաստաբաններու պնդմամբ՝ անոր նկատմամբ կը կատարուի բացառապէս քաղաքական հետապնդում։

Նշենք, որ Յունիս 23-ին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարեց Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) միջնորդութիւնը Չարչեանը կալանաւորելու մասին։

Կալանաւորման որոշումէն յետոյ 61-ամեայ Չարչեանի ինքնազգացողութիւնը վատացաւ եւ զինք փոխադրեցին «Շենգաւիթ» բժշկական կեդրոն, ուր շաքարախտ ունեցող եւ սրտի վիրահատութիւն տարած բժիշկը վիրահատուեցաւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment