Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան -Ծառուկեան Հանդիպում

Փաշինեան -Ծառուկեան Հանդիպում

by MassisPost

Շարք մը քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունենալու ծիրէն ներս վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեանին հետ:

Կառավարութեան հաղորդմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ԲՀԿ-ն երկար տարիներէ ի վեր շատ շօշափելի դերակատարում ունի Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ. «Կարծում եմ, որ կուսակցութիւնը շարունակում է մնալ ազդեցիկ ուժ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքում», – ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ պէտք է քննարկեն ինչպէս ընել, որ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը, ներառեալ՝ ԲՀԿ-ն ու կառավարութիւնը փոխադարձաբար աւելի լսելի ըլլան իրարու։

«Պէտք է ունենալ այնպիսի հաղորդակցութեան ձեւաչափեր, որ լաւ գաղափարները հնարաւորութիւն ունենան կեանքի կոչուելու», – ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Գագիկ Ծառուկեան իր հերթին նկատել տուած է, որ ամէն ինչ մանտաթով պայմանաւորուած չէ. «Մենք ժողովրդի կողքին ենք, քննարկել ենք, մասնակցել ենք, տեղեակ ենք պահել մեր տեսակէտը, մեր մօտեցումը, թէ ինչպէս կարելի է այս վիճակից դուրս գալ: Անկախ ամէն ինչից, մենք խորհրդարանում ենք, թէ ոչ՝ դա չի նշանակում, որ մենք մեր ժողովրդի կողքին չենք: Ցանկացած բան, ինչ օգուտ կը բերի, մեր հնարաւորութիւնների սահմաններում միշտ էլ արել ենք, անում ենք, անելու ենք», – աւելցուցած է գործող խորհրդարանի մեծութեամբ երկրորդ խմբակցութեան ղեկավարը:

Հայաստանի ղեկավարը այսօր՝ Յուլիս 8-ի քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրէն ներս ընդունած է նաեւ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան նախագահ՝ Խաչատուր Քոքոբելեանը եւ «Միասնական հայրենիք»-ի առաջնորդ՝ Մհեր Տէրտէրեանը: Վերջինս ողջունած է ընտրութիւններէն յետոյ քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցելու վարչապետի պաշտօնակատարի նախաձեռնութիւնը։ Քոքոբելեան, որու ղեկավարած կուսակցութիւնը չէ մասնակցած Յունիս 20-ին կայացած ընտրութիւններուն, հանդիպման ընթացքին անդրադարձած է տնտեսական, անվտանգային համակարգին առնչուող եւ այլ հարցերու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment