Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Վերջին 3 Տարուան Ընթացքին Էրտողան Խորտակած Է Թուրքիոյ Տնտեսութիւնը…». Փայլան

«Վերջին 3 Տարուան Ընթացքին Էրտողան Խորտակած Է Թուրքիոյ Տնտեսութիւնը…». Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) տնտեսական գծով փոխնախագահ, մեճլիսի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան խօսած է Թուրքիոյ՝ նախագահական համակարգի անցնելէն յետոյ անցեալ 3 տարիներու տնտեսական ցուցանիշներու մասին, հաղորդած է Ermenihaber-ը:

Հայ պատգամաւորը յիշեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի խօսքերը այն մասին, որ նախագահական համակարգին անցնելէն յետոյ երկրի տնտեսութիւնը թռիչք պիտի արձանագրէ, ապա ներկայացուցած է շարք մը ցուցանիշներ:

Ըստ այդմ՝

– Թրքական լիրան տոլարի նկատմամբ արժեզրկուած է՝ 4.55-էն հասնելով 8.70 լիրա/1տոլար ցուցանիշի:

– Թուրքիոյ տնտեսութիւնը աշխարհի մեծ տնտեսութիւններու շարքի 18-էն նահանջած է 20-րդ հորիզոնական:

– Ազգային համախառն եկամուտը 860 միլիառ տոլարէն նուազած է 700 միլիառ՝ մէկ շունչի հաշուով 10600 տոլարէն նուազելով 8500-ի:

– 2825 լիրա (326 տոլար) կազմող նուազագոյն աշխատավարձը աւելի ցած է, քան 2865 լիրա (330 տոլար) կազմող նուազագոյն զամբիւղի պարունակութիւնը:

– 2018-ին 29 միլիոն 265 հազար կազմող աշխատողներու թիւը 2021-ի ապրիլին կազմած է 28 միլիոն 83 հազար:

– Նախագահական համակարգի 3 տարուայ մէջ գործազուրկներու թիւը 10.8%-էն հասած է 13.9 միլիոն-ի՝ հատելով 10 միլիոնը:

– Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութեան 2021-ի Յունիսի տուեալներով՝ սպառողի համար գնաճը եղած է 17.5%, իսկ արտադրողի համար՝ 42.8%: Ընդհանուր գնաճի տոկոսը 30-էն բարձր  եղած է:

– 3 տարուայ մէջ ելեկտրականութիւնը թանկացած է 97, կազը՝ 93 տոկոսով:

Փայլան այս ամէնը կապած է Էրտողանի «մէկ մարդու ռեժիմի» հետ՝ յիշեցնելով տնտեսութեան վերաբերեալ Էրտողանի յայտնի արտայայտութիւնը՝ «Տնտեսութեան պատասխանատուն անձամբ ես եմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment