Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան Ողջունած Են 15 Հայ Գերիներու Վերադարձը՝ Կոչ Ընելով Ազատելու Բոլորը

ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան Ողջունած Են 15 Հայ Գերիներու Վերադարձը՝ Կոչ Ընելով Ազատելու Բոլորը

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան ողջունած են Ռուսաստանի միջնորդութեամբ եւս 15 գերիներու ազատ արձակումը եւ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին անցած տարածքներու ականապատման քարտէզներու տրամադրումը։

Երկու երկիրներն ալ կոչ ըրած են կատարելու Նոյեմբեր 9-ին կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններն ու ազատելու բոլոր հայ գերիները։

ԱՄՆ-ն յիշեցուցած է, որ դեռ Յունիս 12-ին գերիներու վերադարձն ու ականապատման քարտէզներու տրամադրումը կատարուեցաւ ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ նաեւ Վրաստանի միջամտութեամբ՝ այդ կերպ հիմք դնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հետագայ համագործակցութեան։ Միացեալ Նահանգները նաեւ բարձր գնահատած է տարածաշրջանային կայունութեան աջակցելուն ուղղուած Ռուսաստանի ջանքերը։

Այս եւ նախորդ փոխանակումը երկու երկիրները կարեւոր քայլ համարած են լարուածութեան նուազեցման եւ վստահութեան վերականգնման ուղղութեամբ, մինչդեռ Ատրպէյճանը չի կատարեր վստահութեան վերականգնման կարեւոր նախապայմաններէն մէկը՝ չըսելով գերիներու իրական թիւը՝ արձանագրած է հայկական կողմը։

Ատրպէյճան այս պահուն միայն 45 հայ գերիներու առկայութիւնը հաստատած է, սակայն հայկական կողմի ունեցած տուեալներով թիւը աւելի մեծ է՝ ըսած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մօտ ՀՀ ներկայացուցիչ՝ Եղիշէ Կիրակոսեան։

«Ունենք թէ՛ տեսագրութեան միջոցով եւ թէ՛ վերադարձած անձանց կողմից հաստատուած տեղեկութիւններով մի քանի անձի վերաբերեալ, որ հաստատ իրենք գտնուել են գերութեան մէջ եւ այդ գործերի վերաբերեալ, կարծում եմ, մենք պէտք է շարունակենք հետեւողական լինել: Դատարանի միջոցով աշխատանքը այս տրամաբանութեան մէջ գուցէ այդքան արդիւնաւէտ չլինի, կարծում եմ, պէտք է օգտագործել նաեւ այլ ճանապարհներ այս ճնշումն աւելացնելու համար քաղաքական յատկապէս», – ըսաւ Կիրակոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment