Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Խաղաղութեան Պայմանագիր Չստորագրուիր, Քանի Դեռ Լուծուած Չէ Արցախեան Հիմնախնդիրը. Ռուբէն Ռուբինեան

Խաղաղութեան Պայմանագիր Չստորագրուիր, Քանի Դեռ Լուծուած Չէ Արցախեան Հիմնախնդիրը. Ռուբէն Ռուբինեան

by MassisPost

ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Ռուբէն Ռուբինեանը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է յետպատերազմեան իրողութիւններուն, Արցախեան հիմնախնդիրին ու հայ–ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն։

Ռուբէն Ռուբինեանի հաւաստիութեամբ` հայ ռազմագերիներու վերջին խումբի վերադարձը մէկ անգամուայ գործողութիւն չէ, այլ գործընթաց, որ պիտի ըլլայ շարունակական, հետեւաբար հայկական կողմի համար այդ հարցի շուրջ ընթացող ուժգին բանակցութիւնները առաջնահերթութիւն են։ Խօսելով պատերազմէն յետոյ անընդհատ շահարկուող Մեղրիի միջանցքի մասին, որուն յաճախ կ’անդրադառնան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները, Ռուբինեանը պարզապէս խորհուրդ տուաւ լուրջ չվերաբերուիլ Ալիեւի ու Էրտողանի յայտարարութիւններուն, որոնք զուտ իրենց ցանկութիւնը կը յայտնեն տուեալ հարցի կապակցութեամբ։

Անդրադառնալով պաշտօնական Պաքուէն հնչող այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանը պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր կնքէ Ատրպէյճանի հետ` ճանչնալով վերջինիս տարածքային ամբողջականութիւնը, Ռուբինեան ընդգծեց, որ արցախեան հակամարտութիւնը տակաւին չէ հանգուցալուծուած, քանզի Արցախի կարգավիճակի հարցը կը մնայ բաց, եւ այդ մասին կը խօսին նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները։ Ռուբինեանի պնդմամբ` Հայաստան Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիր չի ստորագրեր այնքան ժամանակ, քանի դեռ լուծուած չէ արցախեան հիմնախնդիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment