Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԳՆ-ը Ողջունած է ԱՄՆ –ի Նիւ Ճըրզի Նահանգի Կողմէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը

Արցախի ԱԳՆ-ը Ողջունած է ԱՄՆ –ի Նիւ Ճըրզի Նահանգի Կողմէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը

by MassisPost

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է ԱՄՆ-ի Նիւ Ճըրզի նահանգի կողմէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչումը։

Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը մասնաւորապէս նշած է, որ նահանգի Ծերակուտականէն ներս ընդունուած համապատասխան բանաձեւով կը դատապարտուին 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը, տասնամեակներ շարունակուող Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը, 2020 թուականին Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ միջազգային ահաբեկիչներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած լայնամաշտապ պատերազմը՝ զանոնք փաստօրէն դիտարկելով որպէս մեկ ցեղասպան քաղաքականութեան բաղադրիչներ։

«Փաստաթուղթը հանդիսանում է բարոյականութեան, մարդասիրութեան եւ քաղաքական ազնուութեան օրինակելի դրսեւորում. արժէքներ, որոնք տեւական եւ կայուն խաղաղութեան կարեւորագոյն գրաւականներն են։ Երախտագիտութիւն ենք յայտնում Նիւ Ճըրզի նահանգի հանրութեանը, օրէնսդիր մարմնին, Սփիւռքի կառոյցներին եւ ամերիկահայ համայնքին՝ արդարութեան համար մղուող պայքարում ցուցաբերած նուիրուածութեան ու վճռականութեան համար», – ըսուած է յայտարարութեամբ։

Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզիի Ծերակուտականը երէկ ընդունած է Արցախի ճանաչման մասին բանաձեւ՝ դառնալով ԱՄՆ-ի՝ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող 10-րդ նահանգը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment