Եւրոպական Միութիւնը կրնայ չեղեալ համարել մուտքի սահմանափակումները Հայաստանի քաղաքացիներու համար: Ինչպէս կը հաղորդէ Եւրոպական խորհուրդի մէջ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի դիւանագիտական աղբիւրը, ԵՄ նախագահութիւնը առաջարկած է Հայաստանը ներառել այն երկիրներու շարքին մէջ, որու քաղաքացիները կրնան զբօսաշրջութեան նպատակով այցելել շենկենեան գօտի, ինչպէս նաեւ` Զուիցերիա, Նորվեկիա, Իսլանտա եւ Լիխթնշթայն:
Կ’ակնկալուի, որ վաղը այս հարցը քննարկման ու քուէարկութեան կը դրուի ԵՄ դեսպաններու նիստին: Յանձնարարականի կատարումը, այնուամենայնիւ, թողնուած է ԵՄ անդամ պետութիւններու հայեցողութեան:
Այս պահու դրութեամբ ԵՄ-ի «կանաչ գօտիին մէջն» են 15 պետութիւն ու շրջան, անոնց կարգին` Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը, Հարաւային Քորեան եւ Սինկափուրը: Ցանկը կը թարմացուի երկու շաբաթը մէկ:
Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներուն, այժմ ԵՄ-ի նախագահութիւնը խորհուրդ կու տայ ցանկին աւելցնել եւս 10 պետութիւն, անոնց կարգին` Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Մոլտովիան եւ Քոսովոն, ուր հակահամաճարակային իրավիճակը, ըստ եւրոպացի փորձագէտներուն, բարելաւուած է: Եթէ առաջարկը հաւանութեան արժանանայ ԵՄ դեսպաններու կողմէ, այնուհետ կը հաստատուի նաեւ ԵՄ անդամ պետութիւններուն մէջ, Հայաստանի քաղաքացիներէն սահմանը հատելու համար կը պահանջուի միայն «Քորոնա» ժահրի հետազօտութեան բացասական պատասխան ներկայացնել կամ հաւաստել, որ պատուաստուած են համավարակի դէմ ԵՄ-ի տարածքը գրանցուած պատուաստանիւթով: