Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԿԸՅ-ն Ամփոփեց Արտահերթ Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

ԿԸՅ-ն Ամփոփեց Արտահերթ Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

by MassisPost

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը  ամփոփեց արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները։ Խորհրդարան անցած ուժերէն վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիրը» ստացած է ընտրողներու ձայներու 53.91 տոկոսը, Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքը` 21.9 տոկոս, իսկ Սերժ Սարգսեանի սատարած «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 5.22 տոկոս։

«Պատիւ ունեմ»-ը չէ յաղթահարած անհրաժեշտ նուազագոյն շեմը, խորհրդարան անցած է Սահմանադրութեան պահանջով։ Քուէարկութեան մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 49.39 տոկոսը։ Անվաւեր եղած է 4593 քուէաթերթիկ:

«Պատիւ ունեմ», «Հայաստան» դաշինքները եւ անցողիկ շեմը չյաղթահարած «Զարթօնք» ազգային-քրիստոնէական կուսակցութիւնը դիմած են Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ընտրութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով։ Ներկայացնելով իրենց արձանագրած խախտումները՝ կը պնդեն, որ անոնք էական ազդեցութիւն ունեցած են քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ։

Ըստ «Պատիւ ունեմ»-ի` խախտուած է Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ազատ եւ հաւասար ընտրելու իրաւունքը։ Խախտումներ եղած են թէ՛ քարոզարշաւի, թէ՛ բուն քուէարկութեան օրը. դաշինքի ներկայացուցած հիմքերը ընթերցեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան. «Ապա դիմումով, ըստ էութեան, ներկայացւում են մի շարք հանգամանքներ, մասնաւորապէս Մայիսի 10-ից սկսած արտահերթ ընտրութիւններում խաթարուել է հաւասարութեան եւ օրինականութեան սկզբունքը, քանի որ վարչապետի կողմից թէեւ ներկայացուել էր վարչապետի պաշտօնից հրաժարական, սակայն վերջինս շարունակել է կատարել վարչապետին վերապահուած լիազօրութիւնները: Ըստ էութեան, առաջին հիմքը վերաբերել է այդ հանգամանքին: Երկրորդ հիմքը վերաբերում է քուէարկութեան օրը կիրառուած վարչական միջոցներին, երրորդ հիմքը ներկայացուած դիմումով վերաբերում է նախընտրական քարոզչութեան ժամանակահատուածում «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Փաշինեանի կողմից ատելութեան եւ բռնութեան կոչերին»:

Քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու ծաւալուն դիմում ներկայացուցած էր նաեւ «Հայաստան» դաշինքը։ Կը պնդեն, թէ իշխանութիւնը ընտրական գործընթացը սկսած է Սահմանադրութեան խախտմամբ. վարչապետը շրջանցած է արտահերթ ընտրութիւններ նշանակելու սահմանադրական դրոյթները, պաշտօնական դիրքի չարաշահում եղած է, ու կիրառուած է վարչական միջոց։

Ընտրախախտումներու վերաբերեալ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցած հիմքերը անընդունելի են մեծամասնութեան քուէն ստացած «Քաղաքացիական պայմանագրի» համար։ «Քաղաքացիական պայմանագրի» ներկայացուցիչ՝ Վահագն Յովակիմեան, արձագանգելով Վարդեւանեանի փաստարկներուն, ըսաւ, թէ քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու փաստարկները անհիմն են. «Դիմումը զուրկ է հիմնաւորումից, դրանում բացակայում են արժանահաւատ ապացուցող հաստատուած փաստերը, ուստի այն ենթակայ է մերժման

ամբողջութեամբ»:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը մերժեց ընդդիմադիր ուժերու՝ քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջը։ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը ընտրութեան արդիւնքները կը վիճարկէ Սահմանադրական դատարանէն ներս։

«Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» դաշինքները դեռ վերջնական որոշում չունին՝ մանտաթները պիտի վերցնեն, թէ վար պիտի դնեն։ «Հայաստան» դաշինքը 29 մանտաթ ստացած է, «Պատիւ ունեմ»-ը՝ 7, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիրը»՝ 71։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment