Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՀԿ-ի Նախագահը Կրկին Կոչ Ըրած Է Ազատ Արձակելու Ռազմագերիները

ԵԱՀԿ-ի Նախագահը Կրկին Կոչ Ըրած Է Ազատ Արձակելու Ռազմագերիները

by MassisPost

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար՝ Անն Լինտըն  կոչ ըրած է Ատրպէյճանին ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները, վերսկսելու բանակցութիւնները՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ եւ հասնելու քաղաքական լուծման: Լինտըն այս մասին ըսաւ ասուլիսի ժամանակ՝ անդրադառնալով «Արմէնփրէս»-ի դիտարկման, որ հայ հասարակութիւնը հիասթափուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի կրաւորական դիրքորոշումէն եւ հարցին, թէ արդեօք ԵԱՀԿ գործող նախագահը կը կիսէ՞ Ատրպէյճանի նախագահի տեսակէտը, թէ ԼՂ հակամարտութիւնը լուծուած է:

«Համաձայն չեմ որ  ԵԱՀԿ-ն շատ ջանք չի գործադրեր Լեռնային Ղարաբաղի  լուծման համար: Ես յատուկ ներկայացուցիչ ունիմ, որ շատ գործուն է: Ես անձամբ հանդիպում ունեցած եմ անոր հետ երէկ՝ քննարկելու իրավիճակը: Մենք ունինք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութիւն, զոր կը համանախագահեն ԱՄՆ-ը, Ռուսաստանը եւ Ֆրանսան, որոնք կը փորձեն ընել շատ դրական քայլեր»,-ըսաւ Լինտըն ու նկատել տուաւ, որ անոնք, սակայն, անցեալ տարի սահմանափակ հասանելիութիւն ունեցած են տարածաշրջան՝ «Քորոնա» ժահրի, նաեւ այլ պատճառներով:

ԵԱՀԿ գործող նախագահը յիշեցուց, որ Յունիսի կէսին համաձայնութիւն եղաւ՝ Հայաստանին վերադարձնելու 15 հայ ռազմագերիներ եւ Հայաստան Ատրպէյճանին տրամադրեց քարտէզներ:  Անոր կարծիքով՝ այդ տեղի ունեցած է Վրաստանի արժէքաւոր դերակատարութեան, ԱՄՆ-ի, նաեւ Եւրոպական խորհուրդի, Եւրայանձնաժողովի, ԵԱՀԿ-ի շուէտական համանախագահութեան գերազանց համագործակցութեան հետեւանքով:

«Ես իմ յայտարարութեամբ կոչ ըրած եմ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ ընելու դրական քայլ՝ ազատ արձակելով բոլոր մնացած կալանաւորուածները եւ բանակցութիւնները վերսկսելու՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ, նաեւ Անճէյ Քասփրշիքի ներգրաւուածութեամբ քաղաքական լուծում գտնելու, քանի որ դեռ չկայ խաղաղութեան համաձայնագիր»,-ըսաւ Լինտըն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment