Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ընտրութիւններուն Մասնակցած Ուժերէն Երեքը Կը Դիմեն ՍԴ՝ Վիճարկելու Արդիւնքները

Ընտրութիւններուն Մասնակցած Ուժերէն Երեքը Կը Դիմեն ՍԴ՝ Վիճարկելու Արդիւնքները

by MassisPost

Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն մասնակցած 3 ուժ յայտարարած է Սահմանադրական դատարան (ՍԴ) դիմելու մտադրութեան մասին՝ վիճարկելու ընտրութեան արդիւքները։

Խորհրդարան անցած, սակայն կեղծիքներու մասին հիմնաւոր կասկածներ ունեցող «Պատիւ ունեմ» դաշինքի խօսնակը ըսած է, որ կը դիմեն ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով. «Որից ելնելով արդէն Սահմանադրական դատարանը կարող է կայացնել մի քանի տեսակի որոշում, այսինքն դա կը լինի մանտաթների վերաբաշխում, կը լինի երկրորդ փուլի նշանակում, թէ նոր արտահերթ ընտրութիւնների, թէ ընտրութիւնների արդիւնքները ուժի մէջ թողնելու, դա արդէն երկրորդ հարցն է»:

Մօտ 66 հազար ընտրողներու քուէ կամ 7 մանտաթ ստացած «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն Սոս Յակոբեան ըսած է, որ այժմ կը պատրաստեն դիմումը։

«Սկսած վարչական միջոցի օգտագործումից, շարունակելով զինուորականների ուղղորդումով, առհասարակ արդար եւ մրցակցային ընտրական պահանջները օրէնքով նախատեսուած խախտելուն, այսինքն այն ամէնի մասին, ինչ մենք ամէն օր երեւի խօսում ենք», – ըսաւ Յակոբեան:

Ընտրութիւններուն, մօտ 269 հազար ընտրողի քուէ, ապա խորհրդարանէն ներս 29 մանտաթ ստացած «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ՝ Արամ Վարդեւանեան դեռ երէկ յայտարարեց Սահմանադրական դատարան դիմելու մտադրութեան մասին, դիմումի հիմքը կը դնեն իրենց ձեռք բերած ապացոյցները զինուորներու ուղղորդուած քուէարկութեան, վարչապետի կողմէն պաշտօնէական դիրքի չարաշահման, վարչական միջոցի կիրառման եւ այլ հանգամանքներու վերաբերեալ։

Իր հերթին, խորհրդարան չանցած «Զարթօնք» դաշինքի վարչապետի թեկնածու՝ Արա Զոհրապեան ըսած է, որ իրենք կը դիմեն ՍԴ, ոչ թէ «Զարթօնքի» ստացած ձայներուն առնչուող մտահոգութեամբ, այլ «Քաղաքացիական պայմանագրի» ստացած 688 հազար քուէի վերաբերեալ հիմնաւոր կասկածով։

«Ամենակարեւորը հաւանաբար նա է, որ նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ հոգեբանական հարկադրանքի մեթոտներ եւ բռնութեան կոչեր են հնչել «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուի կողմից եւ այդ փաստը հաստատուել վարչական դատարանի վճիռներով: Նոյնիսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչները պետական միջոցների հաշուին փաստացի նախընտրական քարոզչութիւն են իրականացրել, քուէարկութեան օրը ընտրատեղամասերում կուտակումներ են եղել, բազմաթիւ կտրոնների վրայ բացակայել են լուսանկարները, արձանագրուել են ուղղորդուած քուէարկութեան դէպքեր», – ներկայացուց Զոհրապեան:

Օրէնքի պահանջով կուսակցութիւնները կամ դաշինքները ընտրութեան պաշտօնական հրապարակման օրուընէ յետոյ՝ 5-րդ օրը, մինչեւ ժամը 18։00-ը կրնան դիմել դատարան, այսպիսով ուրբաթ օրը։ Քննութիւնը պիտի ընթանայ բանաւոր ընթացակարգով եւ բաց պիտի ըլլայ հանրութեան համար, որպէս պատասխանող կողմ հանդէս կու գայ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։

Ի՞նչ զարգացումներ կրնան կատարուիլ բարձր դատարանէն ներս, ՍԴ մամլոյ քարտուղարը պատասխանեց։ «Ընտրական վէճերով որոշումները յստակ կերպով սահմանուած են Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ, եւ ես ուզում եմ բառացիօրէն մեջբերել այն հնարաւոր որոշումները, որոնք այսպիսի վէճերով կարող են կայացուել. տարբերակ առաջին՝ Ազգային ժողովի ընտրութիւնների արդիւնքով ընդունուած որոշումը թողնել ուժի մէջ, տարբերակ երկրորդ՝ անվաւեր ճանաչել Ազգային ժողովի ընտրութիւնների արդիւնքներով ընդունուած որոշումը եւ ա) անվաւեր ճանաչել ընտրութիւնների արդիւնքները, բ) անվաւեր ճանաչել ընտրութիւնների արդիւնքները եւ սահմանել մանտաթների բաշխման կարգը, գ) նշանակել ընտրութիւնների երկրորդ փուլ»:

Ընտրական վէճերուն առնչուող հարցերը ՍԴ-ը պարտաւոր է քննել արագ եւ չի կրնար ձգձգել ամիսներ շարունակ. «Թերեւս պէտք է նշել, որ ընտրական վէճերի համար Ազգային ժողովի ընտրութիւնների արդիւնքներով վէճերի համար Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի մասին սահմանադրական օրէնքը նախատեսում է քննութեան 15-օրեայ ժամկէտ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment