Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Մոսկուան Ո՛չ Քոչարեանին Կը Շտապէ Աջակցիլ, Ո՛չ` Փաշինեանին». Արտասահմանեան Մամուլ

«Մոսկուան Ո՛չ Քոչարեանին Կը Շտապէ Աջակցիլ, Ո՛չ` Փաշինեանին». Արտասահմանեան Մամուլ

by MassisPost

Փաշինեան քրէական գործերով կը սպառնայ «Կազփրոմին», գրած է ռուսական «Կազեթան»` մեջբերելով իշխող ուժի առաջնորդի երէկուայ ելոյթը Վայոց Ձոր:

«Չեմ հասկանում` «Կազփրոմ Արմենիան» կարող է աշխատել Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովրդի դէ՞մ»,- յայտարարած էր Փաշինեանը նախընտրական հանդիպման ժամանակ: Թեմային անդրադարձած է նաեւ ռուսական ամենայայտնի ձեռնարկատիրութեան պարբերականը` «Վետոմոսթին»` հրապարակելով «Կազփրոմի» արձագանգը: «Ընկերութիւնը ապաքաղաքական է եւ որեւէ կերպ նախընտրական գործընթացներուն չի մասնակցիր», – պնդած է կազի մատակարարման ոլորտի մենաշնորհատէր «Կազփրոմ Արմենիան»:

«Եթէ 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները  կը կատարուէին ժողովրդավարութեան ամրապնդման խոստումներով, ապա այս ընտրութիւններուն առաջնային հարցերն են ազգային անվտանգութիւնը եւ Հայաստանի ապագայ յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ, մասնաւորապէս, սահմաններու սահմանազատումի շուրջ բանակցութիւնները», – նշած է «Ալ Ճազիրայի» վերլուծաբանը:

«Շատերու մտքին այժմ հիմնական հարցը այն է, թէ ինչ դեր պիտի խաղայ Ռուսաստանը այս ընտրութիւններուն», – կը փաստէ ան, աւելցնելով. «Բոլոր ցուցիչները կը վկայեն, որ Մոսկուան ո՛չ Ռ. Քոչարեանին կը շտապէ աջակցիլ, ո՛չ` Ն. Փաշինեանին: Ոտքը պնդացնելով Ղարաբաղի մէջ` ի դէմս խաղաղապահներու, Ռուսաստանը ոչ միայն այդ տարածաշրջանի անվտանգութեան տէ ֆաքթօ երաշխաւորն է, այլեւ Հայաստանի: Բացի այդ, Ռուսաստանի ունեցած ազդեցութիւնը Փաշինեանին վրայ, ինչպէս նաեւ սերտ յարաբերութիւնները Քոչարեանի հետ ակնյայտ կը դարձնեն, որ ինչ ելքով ալ ընտրութիւնը աւարտի, այն չի կարող որեւէ կերպ ազդել Հայաստանի մէջ Քրեմլինի ռազմավարական շահերուն վրայ»:

«Զարգացման այս փուլին Հայաստանին անհրաժեշտ է քաղաքական ասպարէզէն ներս զգացմունքները փոխարինել ռազմավարական հաշուարկներով», – գրած է ռուսական «Լենթայի» թղթակիցը, մանրամասնելով. «Շատ հնարաւոր է, որ այս արտահերթ ընտրութիւնները դառնան պատմութեան նոր փուլի սկիզբը: Ապագային Հայաստանը կրնայ յաղթահարել պատերազմին կրած պարտութիւնը, բայց միայն տնտեսական աճի եւ միջազգային ոլորտի մէջ դաշնակցային յարաբերութիւններ հաստատելու միջոցով: Անոր համար, սակայն, անհրաժեշտ է աւելի քիչ հաւատալ բարձրագոչ քաղաքական կարգախօսներուն, աւելի քիչ խաղալ զգացմունքներուն հետ եւ սեփական ուժերը գնահատել առանց աւելորդ ինքնավստահութեան, որ ամենաշատը կը խանգարէ բարգաւաճման»:

Փաստելով, որ փոփոխութիւնները հնարաւոր են միայն ընտրութիւններու ճանապարհով, լրագրողը արձանագրած է. «Միւս տարբերակները, անոնց կարգին` իշխանութեան փոփոխութիւնը փողոցային պայքարի միջոցով, կրնան միայն խորացնել քաղաքական ճգնաժամն ու երկիրը հասցնել անդունդի եզրին»:

Վերլուծաբանը ընդգծած է. «Նորագոյն պատմութեան ամենաբարդ փուլերէն մէկուն ընթացքին կատարուող այս ընտրութիւններու գինը իրականութեան մէջ Հայաստանի պետականութեան պահպանումն է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment