Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հասած է Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիի Ճշմարտութեան Պահը. Նիկոլ Փաշինեան

Հասած է Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիի Ճշմարտութեան Պահը. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

«Կիրակի օրը կայանալիք քուէարկութիւնը պարզապէս խորհրդարանի եւ կառավարութեան ձեւաւորման գործընթաց չէ»,- այսօրուայ հանարահաւաքին յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան։

Ըստ Փաշինեանին՝ իրապէս հասած է ճշմարտութեան պահը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի ճշմարտութեան պահը։ «Այս ընտրութիւններն ստեղծել են բացառիկ հնարաւորութիւն, որ ՀՀ քաղաքացին իր ասելիքն ասի Հոկտեմբերի 27 ահաբեկչութեան կազմակերպիչներին, Մարտի 1-ի մարդասպաններին, ՀՀ քաղաքացուն երկար տարիներ ընտրելու իրաւունքից զրկած ընտրակեղծարարներին։ Այսօր ոմանք իրենց թիմակիցներին իրենց կողքին պահելու համար ասում են՝ արխային, ամէն ինչ որոշուած է։ Իբր չակերտաւոր վերնախաւերը որոշել են, թէ ինչ է լինելու, ինչ արդիւնք են ունենալու ընտրութիւնները։ Այդ մարդիկ չեն հասկանում, որ ընտրակեղծարարութեան իրենց գնացքը վաղուց գնացել է։ Հայաստանի ընտրակաշառք բաժանողները ձերբակալւում են հենց այս րոպէներին ու կալանաւորւում։ Ինչքան աշխուժանան, այնքան աւելի մեծ փաթեթներով են ձերբակալուելու եւ կալանաւորուելու»,- յայտարարեց Փաշինեան։

pashinyan-rally-06-17-d

Հանրահաւաքին Փաշինեան նաեւ ըսաւ թէ Հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումի ու սահմանագծումի հարցերը հայկական կողմը չի փոխկապակցեր Ղարաբաղի հարցին հետ,- «Ղարաբաղի հարցի լուծման առումով մենք լիարժէք կերպով ընդունում ենք այն տրամաբանութիւնը, որ իրենց յայտարարութիւններում առաջ են տանում ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահները։ Այն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կարգաւորուած չէ եւ այն սպասւում է համապարփակ ու ամբողջական լուծման։ Հարցի կարգաւորման մեր պատկերացումը շարունակում է մնալ նոյնը։ Եւ մեր համոզմամբ՝ 44-օրեայ պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ինքնորոշման համաթեքսթն աւելի է ուժեղացրել «անջատում՝ յանուն փրկութեան» տրամաբանութեան ներքոյ, որովհետեւ ակնյայտ է, որ հայատեացութիւնը Ատրպէյճանում ոչ միայն մնում է պետական քաղաքականութիւն, այլեւ աւելի է ընդգծւում, մասնաւորապէս, այնպիսի օրինակներով, ինչպիսիք Պաքւում բացուած «աւարի» խայտառակ պուրակն է»,- յայտարարեց Փաշինեան։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը պէտք է հետեւողականօրէն սեւեռէ այս եւ այսօրինակ փաստերու վրայ՝ ընդգծելով, որ «անջատում՝ յանուն փրկութեան»-ը հարցի առարկայական եւ իրական կարգաւորման միակ հնարաւորութիւնն է։

Ըստ Փաշինեանի՝ Հայաստանի անվտանգութեան առանցքը, ի հարկէ, հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններն են։ «Տարածաշրջանային անվտանգութեան առումով ուզում եմ յատուկ ընդգծել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ մեր համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը եւ ռազմավարական երկխօսութեան մեկնարկը։ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների ամբողջական վերաներգրաւումը տարածշրջանային անվտանգութեան գործերին կարեւորագոյն երաշխիք եմ համարում։ Եւ վերջերս այս թէզի գործնական արդիւնաւէտութեան շատ լաւ օրինակ տեսանք։ Մեր երկրի անվտանգութեան ապահովման առաջին գործօնը, սակայն, մեր զինուած ուժերի, բանակի բարեփոխումների բարեյաջող ընթացքն է»,- ըսաւ ան։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ծրագրային դրոյթներէն է ապահովել Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան, Իրանի Իսլամական հանրապետութեան եւ այսպիսով ամբողջ աշխարհի հետ, ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ընդ որում, կրկին ու կրկին ուզում եմ ընդգծել, որ այս համաթեքսթում մեր կառավարութիւնը չի քննարկել, չի քննարկում եւ չի քննարկելու միջանցքային որեւէ տրամաբանութիւն։ Այսինքն՝ հաղորդակցութիւնների բացման համաթեքսթում Հայաստանի որեւէ ինքնիշխան տարածքի կարգավիճակի փոփոխութիւնը բացառում ենք կատարելապէս»,- յայտարարեց ան։

PashinYan-Rally-06-17-b

Ըստ Փաշինեանի՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ հնչող յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի տարածքով միջանցք ստանալու մասին, անհեթեթութիւն է։ «Մենք մեր դիրքորոշումն արտայայտել ենք շատ յստակ՝ տարածաշրջանի տնտեսական հաղորդակցութիւնները պէտք է ապաշրջափակուեն։ Եւ այս իմաստով տարանցում, հաղորդակցութեան ուղիներ երկրները կը ստանան հաւասարաչափ ու համաչափ, այնպէս, ինչպէս նկարագրուած է Մոսկուայի՝ 2021 թուականի յունուարի 11-ի յայտարարութեան մէջ։ Եւ Հայաստանը տրամադրուած է հետեւողականօրէն առաջ շարժուել այս յայտարարութեան դրոյթները կեանքի կոչելու համար։ Եւ սա ռազմավարական նուաճում կը լինի ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ տարածաշրջանի համար՝ լայն դռներ բացելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ երկարատեւ զարգացման համար»,- աւելցուց Փաշինեան։

Ըստ փաշինեանին՝ այսօր այս հեռանկարը կը խանգարեն Ատրպէյճանի կողմէ հնչող յարձակողական յայտարարութիւնները, անոր ապակառուցողական դիրքորոշումը, մասնաւորապէս, այն փաստը, որ Ատրպէյճանը շարունակական նկրտումներ կը ցուցաբերէ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ չի կատարեր միջազգայնօրէն ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս, մեր գերիները վերադրաձնելու մասով։

«Այնուամենայնիւ, մեր 15 գերիների վերադարձը, որը տեղի ունեցաւ մի քանի օր առաջ, յոյս է ներշնչում, որ առաջիկայում մենք կ’ունենանք տարածաշրջանային մթնոլորտի էական փոփոխութիւն։ Որեւէ կասկած չկայ, որ մեր բոլոր գերեվարուած եղբայրները շատ շուտով վերադառնալու են հայրենիք։ Բայց կարեւոր է, որ մարդասիրական հարցերում իրադարձութիւնները տեղի ունենան հնարաւորինս արագ՝ օր առաջ՝ առանց հակամարդկային սակարկութիւնների։  Եւ Հայաստանն արտայայտում է իր պատրաստակամութիւնը նման քայլերով առաջ գնալու»,- նշեց փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment