Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շուշիի Մէջ Ստորագրուած Հռչակագրի Բովանդակութիւնը Թիրախ կը Դարձնէ Հայ Ժողովուրդը

Շուշիի Մէջ Ստորագրուած Հռչակագրի Բովանդակութիւնը Թիրախ կը Դարձնէ Հայ Ժողովուրդը

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտելի եւ սադրիչ որակած է Շուշիի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու կողմէ ստորագրուած հռչակագիրը եւ Թուրքիոյ նախագահի կողմէ Ատրպէյճանի խորհրդարանէն ներս հնչեցուած ելոյթը։

Յիշեցնենք, որ Յունիս 15-ին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ստորագրած են «Շուշիի հռչակագիրը»: Փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ անիկա բարձրագոյն մակարդակի կը հասցնէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը: Պայմանագիրին համաձայն՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան փոխադարձ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն «երրորդ երկրի յարձակման պարագային»

Թէեւ թուրք-ատրպէյճանական հռչակագիրը առանձին կէտով նշած է, որ այդ փաստաթուղթը ուղղուած չէ երրորդ կողմի դէմ, ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան, այնուհանդերձ, անոր ողջ բովանդակութիւնը թիրախ կը դարձնէ հայ ժողովուրդը։

«Այն յստակ մատնանշում է Արցախի Հանրապետութեան դէմ 44-օրեայ յարձակման իրականացրած երկու պետութիւնների դաշինքն ընդդէմ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ցեղասպանութիւն վերապրած աշխարհասփիւռ հայ ժողովրդի իրաւունքների», – ըսուած է յայտարարութեամբ:

Հռչակագիրին մէջ տեղ գտած «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը, ՀՀ ԱԳՆ-ի պնդմամբ, կը վկայէ, որ «գոտեպնդուելով Արցախի ժողովրդի դէմ իրականացուած համատեղ յարձակման եւ զանգուածային ոճրագործութիւնների անպատժելիութիւնից՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ձեռք են բերում հրապարակային պայմանաւորուածութիւններ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ»։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնքան մտահոգիչ կը համարէ երկու պետութիւններու պայմանաւորուածութիւնը՝ պայքարելու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ։

«Վերոնշեալ պայմանաւորուածութիւններն ամբողջովին հակասում են միջազգային իրաւունքի հիմնական նորմերին։ Այս պարագայում արժանի է յիշատակման այն փաստը, որ միջազգային իրաւունքի, մասնաւորապէս, Միջազգային պայմանագրերի իրաւունքի մասին 1969թ․ Վիեննայի համաձայնագրի համաձայն՝ միջազգային բոլոր պայմանագրերը, որոնք հակասում են ընդհանուր միջազգային իրաւունքի հրամայական նորմերին՝ առոչինչ են եւ չեն կարող ունենալ որեւէ միջազգային օրինականութիւն», – նշուած է հաղորդագրութեամբ։

ՀՀ ԱԳՆ-ը ընդգծած է, որ նշուած հռչակագիրի հիմքը ոչ թէ ՄԱԿ Կանոնադրութիւնը կամ ԵԱՀԿ համընդհանուր եւ անբաժանելի անվտանգութեան սկզբունքն է, «այլ «ցեղային անվտանգութեան» իրենց մօտեցումը, որն առաջ է մղւում որպէս «թրքական աշխարհի» միաւորման սկզբունք»։

«Նման հայատեացութեան համաթեքսթում տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակ ստեղծելու Ատրպէյճանի խորհրդարանում հնչեցուած Թուրքիայի նախագահի առաջարկները երեսպաշտ եւ ապակողմնորոշող են», – նշած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հրապարակային պայմանաւորուածութիւնները, ըստ հայկական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան, կը պարունակեն ոչ միայն ցեղասպան սպառնալիքներ տարածաշրջանին մէջ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, այլ նաեւ լուրջ մարտահրաւէր են միջազգային եւ տարածաշրջանային խաղաղութեամբ եւ անվտանգութեամբ շահագրգիռ բոլոր երկիրներուն համար, ինչ որ կ’ընդգծէ նշուած բոլոր երկիրներու կողմէ սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

«Արցախի ժողովրդի դէմ յարձակման եւ ուժի կիրառման արդիւնքում ձեռքբերուած իրողութիւնները չեն կարող տեւական խաղաղութեան հիմք դառնալ, այնպէս, ինչպէս Շուշիում թուրք-ատրպէյճանական տարբեր մտացածին նախաձեռնութիւնները չեն կարող հայկական այդ մշակութային կեդրոնն օտարել Արցախից եւ հայ ժողովրդից», – ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment