Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Հերոսներու Նահատակութեան Խորհուրդը՝ Երէկ Ու Այսօր

Հնչակեան Քսան Հերոսներու Նահատակութեան Խորհուրդը՝ Երէկ Ու Այսօր

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր 134 հարուստ պատմութեան ընթացքին արձանագրած է անձնազոհութեան ու նուիրումի բազում էջեր՝ Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ու անկախութեան ճանապարհին: Կուսակցութիւնը անցած բազմաթիւ դժուարութիւններու ընդմէջէն, տեսած է հալածանք, բանտ, աքսոր ու կախաղան: Սակայն, ՍԴՀԿ-ի նուիրեալները՝ զինուած գաղափարական ամուր հաւատքով ու անկոտրում կամքով դիմագրաւած են ամէն մարտահրաւէր ու յաճախ իրենց կեանքը զոհաբերած են յանուն ազգային վեհ նպատակներու:

1915 թուականի Յունիս 15-ին, Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ թրքական պետութեան որոշումով կախաղան բարձրացան Հնչակեան Քսան ռահվիրաներ, որոնք փորձած էին կանխել Հայութեան սպառնացող արհաւիրքը ու ծրագրած՝ Երիտասարդ Թուրքերու պարագլուխներուն ահաբեկումը՝ առաջքը առնելու համար պատրաստուող Ցեղասպանութեան:

Քսանները չկարողացան իրագործել իրենց գաղտնի ծրագիրը ու ենթարկուեցան նոյն դաժան ճակատագրին, որ վիճակուեցաւ ամբողջ Հայ ազգին: Քսանները կախաղանի վրայ իրենց արտասանած վերջին խօսքերով մեզի փոխանցեցին պատգամներ, որոնք յաջորդող սերունդներուն համար դարձան ուղեցոյց ու ներշնչման աղբիւր: «Դո’ւք մեր մարմինները կրնաք կախել, բայց մեր գաղափարը ո’չ», «Վաղը քսան հազարներ պիտի գան մեր ետեւէն, մեր գործը շարունակելու», «Արեւելքի հորիզոնին դուք մօտալուտ պիտի տեսնէք Հայաստանի արեւածագը», ըսին անոնք ու մարգարէացան Հայ ժողովուրդի ապագան:

Այդ օրերէն ասդին Հնչակեանները ոգեշնչուած Քսաններուն պատգամներով, ամէն տարի սփիւռքի տարածքին կ՛ոգեկոչեն անոնց նահատակութեան օրը ու կը վերանորոգեն իրենց ուխտը՝ ծառայելու Ազգին ու Հայրենիքին:

Վերջին տարիներուն Քսաններուն դաւանած ընկերվարական ու համամարդկային գաղափարները հասանելի դարձան նաեւ յառաջադէմ Թուրք եւ Քուրտ երիտասարդութեան: Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսան Քսաններուն ու անոնց պարագլուխ՝ Փարամազին նուիրուած գիրքեր ու վաւերագրական ժապաւէններ: Մի քանի տարի առաջ, երբ Թուրքիա եւս կը բոլորէր կարճատեւ իր «ազատութիւններու գարունը», Պոլսոյ մէջ ու այլուր սկսան Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումները: Այդ օրերուն Պայազիտի հրապարակ վերադարձան նաեւ Քսաններուն հոգիները ու Թուրք մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ՝ նոյն վայրին վրայ նշուեցաւ անոնց նահատակութեան տարելիցը:

Քսաններուն ու անոնց պատկանած կուսակցութիւնը եղած են ջատագովները ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան ու ժողովրդավարութեան: Այդ նպատակներուն համար մղուող պայքարը ժամկէտ չունի ու կը շարունակուի ամէն օր ու ամէն ժամ: Այս շաբաթ Հայաստանի ժողովուրդը կը պատրաստուի ուղուելու քուէատուփ ու պաշտպանելու իր այդ իրաւունքները՝ որոնցմէ զրկուած էր երկար տարիներ: Սակայն, նախկին կեղեքիչները ամէն ինչ կ՛ընեն պատմութեան անիւը շրջելու ու վերադառնալու նախկին յոռի փառքերուն: Համոզուած ենք որ, անոնք պիտի ձախողին իրենց նպատակին մէջ, ինչպէս որ ձախողեցաւ թրքական ջարդարար պետութիւնը՝ Հայ ժողովուրդը երկրագունդի երեսէն վերացնելու իր ծրագիրներուն մէջ:

Քսաններուն դաւանած գաղափարները արդիական են բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներուն համար: Ամէն տարի նշելով անոնց տարելիցը կը վերանորոգենք մեր ուխտըª հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու կտակին ու զայն փոխանցել սերունդէ-սերունդ:

Փա՜ռք ու Պատիւ Հնչակեան Քսան հերոսներուն ու Հայ Ժողովուրդի հին ու նոր բոլոր նահատակներուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment