Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Նախընտրական Արշաւը Թեւակոխեց Վճռական Հանգրուան

Հայաստանի Նախընտրական Արշաւը Թեւակոխեց Վճռական Հանգրուան

by MassisPost

Փաշինեանի Քարոզարշաւը Հասաւ Սիւնիք
Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մնացած է կարճ ժամանակ: Կիրակի, Յունիս 20-ին ժողովուրդը պիտի ուղղուի քուէատուփ կատարելու համար իր ընտրութիւնը՝ մասնակից 26 կուսակցութիւններու եւ կամ դաշինքներու միջեւ:

Մինչ այդ տեղի կ՛ունենայ քարոզչական բաւականին աշխոյժ արշաւ, որ կ՛ընթանայ ազատ պայմաններու տակ, առիթ ընծայելով բոլորին իր խօսքը հասանելի դարձնել քաղաքացիներուն: Մթնոլորտը խանգարող երեւոյթ կը մնայ ընդդիմադրութեան կողմէ կաշառք բաժանելու մասին հաղորդումները, որոնք կը ստուգուին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ: Այս կապակցութեամբ կան ձերբակալուած թեկնածուներ, որոնք կը փորձէին կաշառքով մոլորեցնել ընտրողներուն:

Հակառակ մասնակիցներու մեծ թիւին, գլխաւոր պայքարը կ՛ընթանայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ երկրի նախկին բռնապետ Ռոպերթ Քոչարեանի միջեւ:

Քոչարեանի հանրահաւաքները նուազ բազմամարդ են ու գլխաւորաբար մասնակցութիւն կ՛ապահովեն խոշոր գործարարները, որոնք իրենց պաշտօնեաներուն կը ստիպեն ներկայ գտնուելու այդ միջոցառումներուն
Ամենէն կազմակերպուած ու մարդաշատ քարոզարշաւը կը տանի Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» իշխող կուսակցութիւնը, որու անդամները կ՛այցելեն Հայաստանի տարբեր շրջաններու գիւղերն ու քաղաքները:

Վերջին օրերուն Փաշինեան իր շարասիւնով հասաւ սահմանային Սիւնիքի մարզ, ուր եւս արժանացաւ ժողովրդային մեծ ընդունելութեան՝ հակառակ բոլոր կանխատեսումներուն: Ան այցելեց Կապան, Քաջարան, Մեղրի, Սիսեան, Գորիս եւ այլ բնակավայրեր:

«Կը կտրենք Սիւնիքը մնացած Հայաստանին հակադրելու փորձ ընող ամէն մէկ ձեռք»
Սիսիանի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթը սկսաւ ընդդիմադիր քաղաքապետերը յիշելով՝ առանց անուններ հնչեցնելու:

Ձեռքին կրկին պողպատեայ մանտաթը խորհրդանշող եռագոյնով մուրճնը, ան սպառնաց եւ դարձաւ Սիսիանի համայնքապետարանի ուղղութեամբ. «Մենք շատ-շատ տեղերից, ներառեալ այստեղից այ սրանով հանելու ենք էդ ժանգոտած մեխերին, տարբեր քաղաքապետարաններում ծուարած դուրսպրծուկներին»:

Սիսիանի, Գորիսի, Կապանի քաղաքապետերը ամիսներ առաջ պահանջած էին Փաշինեանի հրաժարականը, իսկ անոնց համակիրները երկու անգամ խոչընդոտած էին Փաշինեանի այցը Սիւնիք: Արտահերթին ընդդիմադիր քաղաքապետերը կը մասնակցին Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքի ցուցակով: Իշխող ուժի վարչապետի թեկնածուն յայտարարեց, թէ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները փորձած են Սիւնիքը հակադրել Հայաստանին. «Սիւնիքը Հայաստան է այնքան, որքան Երեւանը, որքան Գիւմրին, որքան Լոռին, որքան Տաւուշը, եւ մենք կը կոտրենք եւ կը կտրենք Սիւնիքը մնացած Հայաստանին հակադրելու փորձ անող ամէն մի ձեռք, ամէն մի ձեռք»:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Մայիս 12-էն ի վեր Հայաստանի սահմանը Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի ուղղութիւններով հատած ատրպէյճանցի զինուորականներուն եւ սահմանային իրավիճակին: Համոզուած ըսաւ, թէ ատրպէյճանցի զինծառայողները պէտք է դուրս գան Հայաստանի սահմաններէն, աւելցնելով, որ այդ տեսակէտը կը պաշտպանէ ողջ միջազգային հանրութիւնը. «Սահմանային կէտերի երկայնքով պէտք է տեղակայուեն ռուս սահմանապահների ներկայացուցիչներ, նաեւ միջազգային դիտորդների հովանու ներքոյ պէտք է տեղի ունենայ Սոթքից Խոզնավար սահմանային կէտերի ճշգրտում եւ սահմանների սահմանազատում եւ սահմանագծում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment